Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արդիւնաբերութեան նախարար Առնօ Մոնթեպուրկ, որ եռօրեայ այցելութեամբ գտնուած է Թուրքիոյ մէջ, յայտնած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Թուրքիա:
«Հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք կրնամ ըսել, որ Ֆրանսան եւ Թուրքիան զիրար կապող բարեկամութեան երկար պատմութիւն գոյութիւն ունի: Անցնող տարիներուն ընթացքին աւելորդ ցնցումներէ ետք, այժմ դարձեալ բարեկամութեան ճամբուն վրայ կանգնած ենք», ըսած է ֆրանսացի նախարարը:
Փարիզ վերադառնալու օրը, օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախարարը նաեւ նշած է, որ շատ տպաւորուած է Թուրքիայով:


