ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ շաբաթ օր Պաքուի մէջ շուրջ հինգ հազար ընդդիմադիր բողոքած է ընտրութեան արդիւնքին դէմ, որուն համաձայն Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնին 3-րդ անգամ ըլլալով ընտրուած էր գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Ցուցարարները յայտարարած են, որ ընտրութիւնը ազատ եւ ժողովրդավարական չէ եղած, ինչպէս նաեւ անոր ընթացքին զանգուածային ընտրական կեղծիքներ տեղի ունեցած են: Բացի ատկէ, ժողովրդավարական ազգային ուժերու խորհուրդի նախագահական թեկնածու Ճամիլ Հասանլի նշած է, որ ընդդիմութիւնը չի ճանչնար ընտրութեան արդիւնքը եւ պիտի փորձէ հասնիլ անոր չեղեալ յայտարարուելուն: Բողոքի ցոյցին ընթացքին որդեգրուած է համապատասխան յայտարարութիւն մը:
Ըստ նախնական տուեալներուն, ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ բախումներու իբրեւ արդիւնք ձերբակալուած է 8 անձ:
Պաքու Կրնայ Դադրեցնել ԵԱՀԿ–ի
Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու
Եւ Մարդու Իրաւունքներու Գրասենեակին Հետ
Համագործակցութիւնը
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի` ընտրութեան տուած գնահատականը զգալի կերպով կը տարբերի դիրքորոշումէն 20 այլ միջազգային կազմակերպութիւններու, որոնք հետեւած են ընտրութիւններուն:
Յիշեցնենք, որ կառոյցը շարք մը խախտումներ արձանագրած էր:
Ազրպէյճանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը կը նշէ, որ այդ ձեւով կառոյցը ինքզինք կը մեկուսացնէ: Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ ԵԱՀԿ-ի, Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի, Եւրոպական խորհրդարանի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու խորհրդարաններու ներկայացուցիչները յայտնած են, որ «քուէարկութեան ժամանակ չէ եղած որեւէ դէպք, որ կրնար կասկածի տակ առնել ընտրութեան արդիւնքները»:
«Սակայն աւանդաբար միայն մէկ կառոյց` ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը դարձեալ կողմնակալ վերաբերմունք ցուցաբերեց Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութեան նկատմամբ: ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը, որ աչք կը փակէ դրացի երկիրներու մէջ ընտրութիւններու ընթացքին տեղի ունեցած օրէնքի խախտումներուն, ներառեալ` մարդոց դէմ յարձակումներուն գծով, կը շարունակէ Ազրպէյճանի իրականութեան չհամապատասխանող, յօրինուած նկատողութիւններ կատարել», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը ստիպուած է դիմելու Ազրպէյճանի կառավարութեան` նշեալ կառոյցին հետ հետագայ համագործակցութեան հարցի վերանայման խնդրանքով», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Պաքու ընտրութեան վերաբերեալ Ուաշինկթընի յայտարարութիւնը «անընդունելի» անուանած էր եւ գնահատած իբրեւ անարգանք Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն հասցէին, որոնք, ըստ անոր, ազատօրէն արտայայտած են իրենց կամքը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուէր, որ նման մօտեցում կասկածի տակ կը դնէ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու անկեղծութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած էր, որ «ափսոսանք պէտք է յայտնենք, որ ընտրութիւնը չի համապատասխաներ միջազգային չափանիշերուն»:
Ընտրութեան նկատմամբ իրենց դժգոհութիւնը յայտնած էին նաեւ Եւրոպական Միութեան յանձնակատարներ Քեթրին Էշթըն եւ Շթեֆան Ֆիւլէ:


