Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մամուլէն Փրցուած Էջեր» (Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան)

October 11, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2013-ին, Պէյրութ, «Զինկոկրաֆ Քեստենեան» տպարանէն լոյս տեսած է լիբանանահայ երկարամեայ կրթական մշակ եւ Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն Զաւէն Մսըրլեանի «Մամուլէն փրցուած էջեր» խորագրեալ հատորը` մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններու:

Հեղինակը ծնած է Պէյրութ: Հայ աւետարանական քոլեճէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ հետեւած է պատմութեան եւ ստացած` պսակաւոր արուեստից տիտղոսը, ապա 1963-ին ստացած է մագիստրոսի տիտղոսը: Հայաստանի Գիտութիւնների Ազգային ակադեմիան 2003-ին իրեն շնորհած է պատուոյ տոքթորի տիտղոս` հայագիտութեան մէջ:

Զաւէն Մսըրլեան 1960-էն մինչեւ այսօր կը ծառայէ իբրեւ կրթական մշակ Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ, որուն տնօրէնութեան պաշտօնը կը վարէ 1967-էն մինչեւ այսօր:

1986-ին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կողմէ ստացած է վաստակաւոր ծառայութեան ոսկեայ շքանշան:

Իր կրթական աշխատանքին 50-ամեակին առիթով, 2010-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագրով արժանացած է Լիբանանի «Կրթութեան շքանշան»-ին:

Իսկ 2011-ին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան իրեն շնորհած է նախարարութեան Ոսկեայ շքանշանը` «Կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտում ներդրած մեծագոյն աւանդի համար եւ ազգանուէր ու հայանպաստ գործունէութեան համար»:

Իբրեւ պատմաբան` հեղինակ է հետեւեալ երկերուն.

1.- «Հայկական հարցի մասին» (Պէյրութ, 1978),
2.- «Երեք դաշնագրեր» (Պէյրութ, 1979),
3.- «Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը» (Պէյրութ, 1981),
4.- «The premeditated Nature of the Genocide perpetrated on the Armenians», (Անթիլիաս, 2001),
5.- «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Հայկական հարցը, 1900-2009» (Պէյրութ, 2010),
6.- «Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք», (Անթիլիաս, 2011) եւ
7.- «Հայկական հարցի հոլովոյթը 1939-2010» (Պէյրութ, 2012):

Ան գրած է 95 ուսումնասիրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են պարբերական մամուլին մէջ: Եղած է խմբագրական կազմի անդամ «Շիրակ» ամսագրի (1965-1985 եւ 1997) եւ «Կամար» պարբերականի (2005-էն ի վեր): 2004-էն ի վեր ատենապետն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» հրատարակչական հիմնադրամի յանձնախումբին:

Ստանձնած է պատասխանատու պաշտօն Լիբանանահայ գաղութի մշակութային միութիւններու մէջ, 1958-1983: Եղած է ատենապետ Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան (1958-1961):

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. Հայրապետական Կոնդակով 2007-ին իրեն շնորհած է «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» շքանշանը:

Հատորին մէջ լոյս տեսած են բազմաբնոյթ հարցեր շօշափող այլ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք նախապէս հրատարակուած են «Շիրակ» ամսագրի, «Հիւսիսեան հայագիտական տարեգիրք»-ի, «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքի, «Կամար պարբերաթերթի եւ պատմական ուսումնասիրութիւններ մամուլի մէջ:

Զաւէն Մսըրլեան այլազան առիթներով յօդուածներ ստորագրած է սփիւռքահայ մամուլին մէջ, ինչպէս` «Խօսնակ», «Զարթօնք», «Պատանեկան Արձագանգ», «Ջանասէր», «Արարատ» օրաթերթ եւ այլն:

Հեղինակը վերոյիշեալ եւ այլ թերթերու մէջ հրատարակած է նաեւ գրախօսականներ, նամակներ, մահագրական բնոյթ կրող յօդուածներ, դասախօսութիւններ, ճառեր եւ այլն:

Խմբագրած է նաեւ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսած Վարդան Մատթէոսեանի «Հարաւային կողմն աշխարհի», Անթիլիաս, 2005, Յակոբ Չոլաքեանի «Անտիոքի մերձակայ Ռուճի հովիտի հայերը», Անթիլիաս, 2006 եւ Isabel Kaprielian-Churchill, «Sisters of Mercy and Survival, Armenian Nurses, 1900-1930», Antelias, 2012, խորագրեալ գիրքերը:

«Մամուլէն փրցուած էջեր» վերնագրով հատորը ունի ճոխ բովանդակութիւն, որ կը բաղկանայ 328 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ 15 ենթաբաժինները.

1.- Համալսարանականներ
2.- Հայկական դատ
3.- Մեծ եղեռնի – Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցներ
4.- Ցեղասպանութեան հարցը ՄԱԿ-ի առջեւ
5.- Թուրանականութիւն
6.- Գաղութներ
7.- Հայրենիք
8.- Հայ դպրոց
9.- ՀԲԸՄ
10.- Միութենական
11.- Նամակներ
12.- Տոմսակ
13.- Վերյիշումներ, մահագրութիւն, դամբանական
14.- Հեղինակին կենսագրութիւնը
15.- Մատենագիտութիւն` Զաւէն Մսըրլեանի

Ինչպէս կը պարզուին վերոյիշեալ բովանդակութենէն, հեղինակին արծարծած նիւթերը կը վերաբերին առհասարակ Հայոց ցեղասպանութեան դատին, հայ մշակոյթին, հայ եկեղեցիին եւ հայ դպրոցին իրենց ծառայութիւնը մատուցած հայ ժողովուրդի ազգանուէր երախտաւորներուն:

Պէտք է ըսել, որ շահեկան հրատարակութիւն մըն է «Մամուլէն փրցուած էջեր» խորագրեալ հատորը, տրուած ըլլալով, որ սոյն նախաձեռնութեամբ Զաւէն Մսըրլեանի գրութիւնները պիտի չներփակուին այսուհետեւ մամուլի էջերուն, այլ դառնան կենսախայտ եւ վարակիչ ապրումը ընթերցողներու իմացական մտորումներուն:

Սեպտեմբեր 2013
Պէյրութ

 

 

Նախորդը

Պոլիս. Լոյս Տեսաւ Արմաշական Եղիշէ Վրդ. Խաչերեանին Աւարտաճառը. «Ստեփանոս Սիւնեցի»

Յաջորդը

Սփիւռքահայ Հոգեր. Առ Որ Անկ Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.