Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքահայ Հոգեր. Առ Որ Անկ Է

October 11, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Օրեր առաջ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինը  գովելի նախաձեռնութեամբ մը կազմակերպած էր կլոր սեղան մը, որ նուիրուած էր լիբանանահայ դպրոցը յուզող այլազան  հարցերու, եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ այլադաւան ու այլամէտ դպրոցներու վեց տնօրէններ: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 3  նոյեմբեր 2013-ին, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ, լեփ-լեցուն սրահի մը մէջ, յատկապէս մեծաթիւ ուսուցիչներու գովելի ներկայութեամբ: Ըստ ամենայնի` յաջող հանդիսութիւն մը, որ սակայն… խճողուած էր, քանի յայտագրի վրայ նախատեսուած էին վեց  գլուխներ, որոնք, ճիշդ է,  իբրեւ բնաբան ունէին լիբանանահայ  դպրոցը ընդհանուր առմամբ, այսուհանդերձ, անոնք բոլորովին ալ համատեղելի չէին եւ չէին կրնար սեղմուիլ նոյն պարունակին մէջ: Աւելի սպառիչ  ու մանաւանդ շինիչ ըլլալու համար ասոնք պէտք էր երկարէին  վեց հանդիպումներու վրայ, եւ կարելի է վստահ ըլլալ, որ պիտի գտնէին նոյն ունկնդրութիւնն ու շահագրգռութիւնը:

Ուրեմն թող թոյլատրուի ինծի, որ յարգելով հանդերձ  բոլոր պատգամաբերներն ու շօշափուած նիւթերը, անդրադառնամ վեց  գլուխներէն միայն մէկին` հայեցի դաստիարակութեան եւ հայերէնի ուսուցման  յատկացուած գլուխին, որուն պատգամաբերը Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանն էր, որ ձեռնհասութեամբ պարզեց հայերէնի ու հայեցի դաստիարակութեան կացութիւնը:  Նոյնին աւելի սեղմ ու մասնակի գիծերու մէջ անդրադարձաւ Աւետարանական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնուհին:

Համադրելով կլոր սեղանի մասնակիցներուն կողմէ առաջադրուած բոլոր տուեալները, միւս կողմէ` աչքի առաջ ունենալով նաեւ Զաւարեանի տղոց լոյս ընծայած եւ նիւթիս առնչուող վիճակագրական երկու տախտակներ (տես «Ազդակ», «Զաւարեանական էջ»,  19-3-2010 եւ  23-3-2012), որոնք կը ցոլացնեն հայ դպրոցներու մէջ հայերէնի ուսուցման յատկացուած ժամերու  տարողութիւնը, եւ ի մտի ունենալով նաեւ մեր շրջապատին մէջ մե՛ր իսկ անմիջական դիտարկումին առարկայ դարձած իրողութիւններ,- բաւական յստակ  կ՛անդրադառնանք շատ ցաւալի կացութեան մը, որ հետեւեալն է. հայ լեզուն, հայոց պատմութիւնը, հայ մշակոյթը, որոնք  դպրոցաշինական-կրթական-ազգային մեր բոլոր ճիգերուն, զոհողութիւններուն, ակնկալութիւններուն եւ հեռանկարներուն  կիզակէտն են, որոնց նժարին մէջ դրած ենք մեր բոլոր յոյսերն ու ակնկալութիւնները, գաղութիս դպրոցներէն շատերուն մէջ կ՛աւանդուին բոլորովին անբաւարար տարողութեամբ,  քանակական առումով, իսկ քանակը չի կրնար ուղղակի չազդել որակին վրայ: Աւելի պարզ խօսինք` մեծաթիւ վարժարաններ կը զլանան հայերէնին եւ հայերէնագիտական նիւթերուն  տալ անոնց իրաւունքը, եւ այս զլացումը տեղի կ՛ունենայ բաւական մեծ չափանիշներով. դպրոցներ կան, որոնք կը յաջողին երկրորդականի երեք դասարաններուն մէջ միջին հաշուով  5-6 պահ յատկացնել հայերէնին, մինչ անդին կան մեծաթիւ ուրիշներ, որոնք կը գոհանան 1-2 խեղճուկ պահերով, ա՛լ չեմ ակնարկեր այնպիսի դպրոցի, որ ամբողջ տարին իր ԺԲ. դասարանին ոչ իսկ մէկ պահ կը յատկացնէ հայերէնին: Այո, այսպիսի՛ն ալ կայ:

Արդ, ինչ ալ ըլլայ դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը եւ դասաւանդ ուսուցիչին հմտութիւնն ու հնարամտութիւնը, այլեւ` զոհողութեան աստիճանը, վերոյիշեալ դասապահերու սահմաններուն մէջ անկարելի է հասնող սերունդներուն բաւականաչափ սորվեցնել ու սիրցնել մայրենի լեզուն, ծանօթացնել գրականութեան ու գրական երկերու, պատմութեան ու մշակոյթին նախատարերքին ու կերտել իր ինքնութեամբ լիացած`  ապագայ յանձնառու հայու կերպարը, ի մասնաւորի` սփիւռքահայը: Այսքան քիչ պահերով գոհանալը անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ մտային ու մտաւորական սովի: Փորձեցէ՛ք որեւէ օրկանիզմ սնուցել նուազագոյն ջերմուժի միայն մէկ երրորդով, ապա այդ էակը հետզհետէ պիտի նքթի, հիւծի, նուաղի ու… անխուսափելիօրէն մահանայ. իսկ շաբաթական մէկ-երկու ժամ հայերէնով հայ միտքը եւ հայ հոգին է որ պիտի ստուգապէս մահանան:  Տարբեր չի կրնար ըլլալ հետեւանքը: Բաղդատութեան համար ըսեմ այսքանը. եթէ Ֆրանսայի դպրոցներուն մէջ ֆրանսերէնը դասաւանդուէր ծաւալային այս նոյն սահմաններուն մէջ, կարելի է վստահ ըլլալ, որ քանի մը տասնամեակ ետք Ֆրանսան  փուլ կու գար, ճիշդ ինչպէս Բաբելոնը փուլ եկաւ լեզուական  պատճառներով: Նոյնը իմանալ որևէ այլ հաւաքականութեան համար:

Կլոր սեղանէն տրուած մեկնութիւնը այս անհաւասարակշիռ  կացութիւնը կը բացատրէր պետական ծրագիրը իրագործելու անհրաժեշտութեամբ, որ ժամանակ չի ձգեր աւելի պահեր յատկացնելու հայերէնին: Աղէկ, ոչ ոք հակադրուած է պետական ծրագրի կիրարկումին, սակայն չէ՞ որ շաբաթական վեց ժամ հայերէն ջամբող դպրոցներն ալ պետական ծրագիր կը կիրարկեն,  և բնաւ գաղտնիք չէ, որ շատ ալ գոհացուցիչ արդիւնքներ կը ստանան պետական քննութիւններու, այլև տեղական համալսարաններու մուտքի քննութեանց մէջ: Ուրեմն կարելի է ծառայել` թէ՛ կայսեր, թէ՛ միաժամանակ Աստուծոյ: Հապա ինչո՞ւ այս վատնումը, այս մսխումը մեր սերունդներու  հայեցի  դիմագիծի հաշուոյն: Ինչպէ՞ս բացատրել այս սպաննիչ առեղծուածը:

Այստեղ կը ծագի ազգային խղճի և գիտակցութեան հարց մը,  որուն պէտք է այլեւս անդրադարձուի. կարելի չէ այսպէս շարունակել այս հաւաքական անձնասպանութիւնը, որ կը գործուի մեր շուրջը: Պատմութիւնը պիտի չներէ գործուող յանցագործութիւնը. սակայն այնքան ալ պատմութեան սպասելու պէտք չունինք. դիտե՛նք մեր շուրջը եւ պիտի տեսնենք մերկ աչքերով, թէ որքա՛ն պակսած է,և օր ըստ օրէ եղերականօրէն աւելի՛ կը պակսի,- հայերէնը ընդունելի սահմաններու մէջ ճիշդ խօսողներու եւ մանաւանդ  ճիշդ գրողներու թիւը: Եւ մտածենք հաւաքական տարրական լուծումի մը մասին:

Որ ահաւասիկ:

Պէտք է ըստ կարելւոյն անյապաղ ստեղծել միջհամայնքային եւ միջմիութենական, ըսենք` համահայկական,  յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ`

ա)  մշակել հայերէնագիտական նիւթերու հասարակաց ծրագիր մը, որ պարտադիր պիտի ըլլայ մեր բոլոր դպրոցներուն անխտիր,

բ)  նոյնհետայն որոշել պահերու նուազագոյն թիւ մը, որ կը հերիքէ պարկեշտ ու գոհացուցիչ   տարողութեամբ ու որակով ուսուցել եւ իւրացնել այդ մշակուած ծրագիրը,

գ) ստեղծել դրութիւն մը, օրինակ` հաւաքական քննութիւններու ճամբով, որ այդ նոյն յանձնախումբին կամ անոր ներկայացուցիչներուն կը թոյլատրէ տարրական վերահսկողութիւն մը եւ  արժեւորումը   կատարել իրագործուած աշխատանքին, եւ ի պահանջել հարկին իր ցուցմունքները տալ դպրոցներուն  կամ համապատասխան կրթական մարմիններուն:

Այս երեք կէտերու մշակումին մէջ մեր տնօրէնները,   որոշ բաժին մը   ունենալով հանդերձ, պէտք չէ միակ դերակատարները ըլլան. չմոռնանք, որ կայացած ու քաղաքակիրթ պետութիւններու մակարդակին` տնօրէնները չեն, որ ծրագիր կը մշակեն, այլ` կրթական նախարարութիւնը, իսկ տնօրէններն ու դասատուները այդ ծրագիրը գործադրողը կ՛ըլլան: Նմանապէս տնօրէնները կամ դասատուն ու դպրոցը պիտի չըլլան իրագործուած աշխատանքին արժեւորումը կատարողները, այլ ուրիշներ` դա՛րձեալ  կայացած պետութիւններու օրինակով, ուր աշխատանքը գնահատողը կ՛ըլլայ արտադպրոցական մարմին մը: Տնօրէններու  կամ ուսուցիչներու իրաւասութեանց սահմանափակում չէ առաջարկուածը, այլ` ճիշդ գործելաձեւով  կացութիւն մը դարմանելու իրապաշտ միջոց մը:

Մենք այլեւս տնտնալու եւ ձեռնածալ նստելու ժամանակը եւ իրաւունքը չունինք, եւ պարտինք հրաժարի՛լ  շողշողուն ճառերով ամավերջի հանդէսներու  բեմերէն աղմկելով գոհանալէ: Մանաւանդ որ այս գաղութը պարտաւորութիւնը ունի ոչ միայն իր, այլեւ ողջ սփիւռքահայութեան կարիքները հոգալու, սակայն ինչպէ՞ս այսքան հեռուները երթալ, երբ մեր սեփական տան մէջ արդէն սկսած է քայքայումը:

 

 

Նախորդը

«Մամուլէն Փրցուած Էջեր» (Հեղինակ` Զաւէն Մսըրլեան)

Յաջորդը

Ղարաբաղեան Պատերազմի Հնարաւոր Վերսկսման Աշխարհաքաղաքական Ու Ներքաղաքական Տուեալները

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.