Պատրիարքական աթոռոյս «Արմաշ» մատենաշարէն, որպէս վեցերորդ հատոր լոյս տեսաւ արմաշական հայրերէն Եղիշէ վրդ. Խաչերեանին «Ստեփանոս Սիւնեցի» խորագրեալ աւարտաճառը:
Վաղամեռիկ հեղինակը ընծայարանի ուսումէն ետք գրի կ՛առնէ սոյն աշխատասիրութիւնը, որուն աւարտին կը ստանայ վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն, 8 յուլիս 1901 թուականին:
Սոյն հատորը կը բաղկանայ 72 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ, բացի աշխատասիրութենէն, հեղինակ հայր սուրբին ձեռագիր անտիպ մէկ նամակը` ուղղեալ Մաղաքիա պատրիարքին: Հատորին մէջ լոյս կը տեսնեն նաեւ Եղիշէ վրդ. Խաչերեանին նկարը, կենսագրութիւնը, Մաքենացոց եւ Թանահատի վանքերուն նկարները, Ստեփանոս Սիւնեցիի մասին վկայութիւններ, երանաշնորհ Շնորհք պատրիարքի` Սիւնեցիին մասին գրութիւնը, Սիւնեցիին գրի առած Յարութեան շարականներէն ԱՁ. ձայնի գրաբար բնագիրն ու աշխարհաբարի թարգմանութիւնը, հեղինակ Հայր սուրբին երկու բանաստեղծութիւնները եւ այլն:
Հատորը լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ` Վաղարշակ սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ:
Սոյն հատորը լոյս տեսաւ Արսէն Եարմանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր մեծ հօր` Յարութիւն Եարմայեանի:
Փափաքողները կրնան հատորէն ունենալ` դիմելով պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն:


