«Տը Լոքըլ» կը հաղորդէ, որ կրթական ձեռքբերումներու գնահատման միջազգային ծրագիրի ծիրին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը բացայայտած է սպանացիներուն թերութիւնները հիմնական նիւթերու մէջ, ինչպիսին են` ընթերցանութիւնն ու թուաբանութիւնը:
Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան տուեալները ցոյց տուած են սպանացիներու մօտ ընթերցանութեան հմտութիւններու ցած մակարդակը. անոնք միւս 23 զարգացած երկիրներու միջին ցուցանիշէն ցած միաւորներ ստացած են: Սպանացիներու` թուաբանութեան ցուցանիշերը նոյնպէս եւրոպական պետութիւններէն ետ կը մնան:
Սպանիոյ եւ բարձրագոյն միաւորներ հաւաքած երկիրներու (Ֆինլանտա, Հոլանտա, Ճափոն, Շուէտ, Աւստրալիա) միջեւ տարբերութիւնը շատ հսկայական է. այդ երկիրներու դպրոցականները եւ Սպանիոյ բարձրագոյն ուսման հիմնարկներու ուսանողները նոյնպիսի արդիւնքներ ունին:
Հարցումներուն պատասխանած է տարբեր երկիրներու 16-65 տարեկան 166 հազար բնակիչ:


