Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

June 14, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը 25 յունիսին Քազանի մէջ ղարաբաղեան խնդիրի շուրջ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ նախատեսուած հանդիպումին անդրադառնալով կը գրէ, որ «փորձագէտները կը նշեն, որ այդ հանդիպումը փակուղիի մէջ յայտնուած խնդիրը լուծելու լաւագոյն կարելիութիւնն է` վերջին տարիներուն», եւ կը մանրամասնէ. «Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, որ խնդիրը լուծելու համար իր ժամանակն ու հեղինակութիւնը ներդրած է բանակցութիւններուն, մեծամասնութեամբ նոր ազդակ հաղորդած է»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուաշեւիչ ամերիկեան օրաթերթին յայտնած է, որ «Ռուսիան նպատակ ունի Քազանի մէջ նախատեսուած հանդիպումին ընթացքին կողմերը համոզելու` համաձայնութեան գալ խնդիրի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ, որոնց վերաբերեալ բանակցութիւնները կը շարունակուին արդէն աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր»: Ան աւելցուցած է, որ «համաձայնութեան գալու կարեւորութիւնը յստակ ընդգծած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս համանախագահող երկիրները»:

Օրաթերթը կը նշէ, որ նախագահներուն միջեւ տեղի ունենալիք յառաջիկայ հանդիպումին վերաբերեալ Ազրպէյճանէն բաւական լաւատեսական կարծիքներ կը հնչեն, մինչ Երեւանը աւելի զգուշաւոր յայտարարութիւններ կը կատարէ:

«Խնդիրի լուծման հիմնարար սկզբունքները պատերազմի իբրեւ արդիւնք տեղահանուած հազարաւոր ազրպէյճանցիներուն կարելիութիւն պիտի տան վերադառնալու իրենց բնակավայրերը, եւ այս հարցին մէջ Հայաստանի նախագահը պէտք է համոզէ իր ժողովուրդը, որ այդ տարածքներուն մէջ ապրող ազգութեամբ հայերը վտանգի պիտի չենթարկուին», կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»` աւելցնելով, որ «միւս կողմէ, այն պարագային, երբ հիմնարար սկզբունքները Լեռնային Ղարաբաղին ժամանակաւոր ինքնակառավարման կարգավիճակ կու տան, Ազրպէյճանի նախագահը ստիպուած է ապացուցել իր ժողովուրդին, որ զիջումներ չի կատարեր հողային ամբողջականութեան հարցին մէջ»:

«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կիրքերը սուր են, եւ երկու երկիրներուն մէջ ալ ղեկավարները մեծ վտանգի կը դիմեն, եթէ պարզուի, որ անոնք զիջումներ կը կատարեն», օրաթերթին ըսած է Կովկասի հարցերով փորձագէտ, «Սեւ այգի» գիրքի հեղինակ Թոմաս տէ Վաալ` աւելցնելով, որ «այժմ վտանգաւոր պահ է, երբ երկու երկիրներու ղեկավարները համարձակութիւն գտած են` տալու որոշումներ, որոնք թերեւս դժգոհութիւն պատճառեն իրենց ժողովուրդներուն, մինչ երկու երկիրներուն մէջ ընդդիմութիւններու քննադատութեան տարափ կը տեղան երկուքի հասցէին ալ»:

 

 

Նախորդը

«ԱՐԴԷՆ ԿԱՐԵԼԻ Է ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ՔՆՆԱՐԿԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ

Յաջորդը

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՄԱՍ ՄԵԼԻԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.