Թրքական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ բողոքի ցոյցերուն նկատմամբ սուրիական մօտեցումին փոփոխութեան առնչութեամբ յոյսերու ի դերեւ ելլելէն ետք, Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն աւարտով սուրիական տագնապին նկատմամբ թրքական վարմունքին մէջ «նկատառելի փոփոխութիւն» մը տեղի պիտի ունենայ, որուն ուրուագիծը պիտի սկսի նշմարելի դառնալ թրքական կառավարութեան կազմութենէն ետք:
Թրքական աղբիւրները յայտնած են, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին տուինք գրքոյկ մը, որ կուսակցութեանց ու կազմակերպութեանց հիմնադրութեան, ինչպէս նաեւ հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու մեր ամբողջ փորձառութիւնը կը բովանդակէ: Ան միշտ սրտբաց էր, սակայն այդ դրական կեցուածքին գործնական արդիւնք մը չգտանք»:
Աղբիւրները օրաթերթին յայտնած են, որ Ասատ հասարակաց շահին համար պէտք է զոհէր իրեն ամէնէն մօտիկ անձերը, ինչպէս` Մահեր Ասատը, գործարար Ռամի Մախլուֆը եւ ուրիշներ: Անոնք նշեցին նաեւ, որ գոյութիւն ունին հասարակութեան կողմէ ընդունելի անուններ, որոնք կրնան պաշտօնավարել շարունակել, ինչպէս` փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ եւ կարգ մը բանակային ղեկավարներ, որոնք ցոյցերու ճնշումին մեղսակից ըլլալու յանցանքով չեն արատաւորուած:
Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Քոնիայի մէջ քուէարկելէ ետք հերքեց, թէ իր երկիրը «ներկայիս» Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու նպատակ ունի:
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ նախագահ Ասատի շուրջ երկու հազար համակիրներ յարձակում գործած են Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դէմ: Դեսպանատան անվտանգութեան աշխատակիցները յաջողած են ցրուել ցուցարարները:


