Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արձագանգ-2013» Զօրավարժութիւններով Հայաստան Կը Փաստէ, Որ Պատրաստ Է Արձագանգելու Բոլոր Մարտահրաւէրներուն

October 9, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արմաւիրի «Բաղրամեան» զօրավարժարանին մէջ տեղի ունեցող «Արձագանգ-2013» ռազմավարական մարզումներով Հայաստան կը բարձրացնէ պետական եւ ռազմական կառավարման մարմիններու աշխատանքի ներդաշնակութեան մակարդակը` ռազմաքաղաքական իրավիճակի սրման պարագային:

«Պետութեան բարձրագոյն  պաշտօնատար անձանց աշխատանքը ռազմաքաղաքական որոշումների կայացման ժամանակ» նիւթով մարզումներուն ներկայ եղան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, պետական կառավարման համակարգի եւ զինուած ուժերու բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները: Հայաստանի կառավարութեան անդամները` վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, անցան «Հոգեբանական յաղթահարման արգելագօտի» կոչուող տարածքով, ուր ստեղծուած է պատերազմական պայմաններուն բնորոշ իրավիճակ: Այնուհետեւ կառավարութեան անդամները հետեւեցան հետախոյզներուն, յատուկ ջոկատայիններու ցուցադրական վարժանքներուն, որոնք փաստեցին Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական պատրաստուածութեան բարձր մակարդակը: Կառավարութեան բոլոր անդամները տարբեր զինատեսակներով կարելիութիւն ունեցան ստուգելու իրենց կրակային պատրաստակամութեան աստիճանը, ծանօթացան վարժանքներուն ներկայացուած զինուորական սարքերուն եւ սպառազինութեան:

Կառավարութեան ներկայացուցիչները հետեւեցան զօրավարժութիւններուն ընթացքին:

Հոկտեմբեր 8-ին տեղի ունեցած կառավարութեան արտակարգ նիստին կառավարութեան անդամներ այս ռազմավարժութիւններուն վերաբերող առաջարկներ ներկայացուցին վարչապետին` հաւանական սպառնալիքներու չէզոքացման ու հանրապետութեան պաշտպանութեան նախապատրաստութեամբ ուղղուած քայլերուն վերաբերեալ:

Վարչապետը ներկայացուցած է կառավարութեան որոշման նախագիծերը, որոնք կը բխին Հայաստանի նախագահին հրամանագիրներէն ու կարգադրութիւններէն:

 

 

Նախորդը

Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցած Է Քեթրին Էշթընի Հետ

Յաջորդը

Հայաստան Դեսպանութիւն Պիտի Հաստատէ Մեքսիքայի Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.