Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարելի Պիտի Ըլլա՞յ Լիբանանեան Քարիւղին Վերաբերող Յատուկ Նիստ Մը Գումարել

October 8, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ շեշտեց, որ ինք համաձայն է, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը Լիբանանի քարիւղին վերաբերող յատուկ նիստ մը գումարէ:

Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք օր մը օրանց չէ մերժած նման նիստի մը գումարումը` աւելցնելով, որ ինք կառավարութեան կազմութեան առումով ճիգ չէ խնայած, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել քարիւղի թղթածրարը:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Լիբանանի սահմանակից երկիրները զայն գերազանցած են քարիւղի պեղման առումով. ան ըսաւ, որ Լիբանանի քարիւղի հարստութիւնը սպառնալիքի տակ կը գտնուի եւ աւելցուց, թէ քարիւղի մարզի տնօրինման յատուկ խորհուրդը կրնայ լուծել այդ մարզին դիմագրաւած հարցերը:

Իր կարգին, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի քարիւղի թղթածրարը քննարկելու կառավարութեան յատուկ նիստի մը գումարման` աւելցնելով, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի հետ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն անոնց միջեւ կապը տակաւին առկայ է:

Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ խորհրդակցած է ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Ալի Հասան Խալիլի հետ` քարիւղի հարցերուն յատուկ կառավարութեան նիստ մը գումարելու մասին:

Նոյն կայանին համաձայն, Միքաթի կը բաժնէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մտահոգութիւնը, ինչպէս նաեւ զօրակցական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլէն:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Միքաթի այս իմաստով զօրակցութեան նշոյլներ ստացած է նաեւ Միացեալ Նահանգներէն:

 

Նախորդը

Ակրատի Հարցով Եօթը Դատապարտեալներ

Յաջորդը

Միքաթի Նախագահեց Ռումիէի Բանտին Յատուկ Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.