Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա Եւ Ուաշինկթըն Կ՛ուզեն «Ժընեւ-2»-ը Նոյեմբերի Կիսուն Գումարել

October 8, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին Սուրիոյ վերաբերող «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը գումարել նոյեմբերի կիսուն` սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու միտումով:

Լաւրով Ինտոնեզիոյ մէջ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ` «նոյեմբերի կիսուն միջազգային խորհրդաժողովի գումարման հրաւիրելուն համամիտ գտնուեցանք». ան աւելցուց, որ` «համաձայնութիւն գոյացուցինք նախաձեռնութիւններուն շուրջ, որոնք պէտք է որդեգրել, որպէսզի (սուրիական) կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը այս խորհրդաժողովին մասնակցին»:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի կիրակի օր յայտարարած էր, որ «Ժընեւ-2»-ը կրնայ նոյեմբերին տեղի ունենալ, իսկ սուրիական ընդդիմութիւնն ու վարչակարգը պէտք է անոր մասնակցին «առանց նախապայմաններու»:

Լաւրով կոչ ուղղեց սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին` «մէկ ձայնով խօսելու», նշելով, որ` «մարմինի նախագահը «Ժընեւ-2»-ի գումարման շուրջ յայտարարութիւններ կը կատարէ, սակայն անոր համակիրները կը հերքեն այդ յայտարարութիւնները»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ` «Դամասկոս քիմիական զէնքի ոչնչացման միջազգային մասնագէտներու հետ ամբողջական գործակցութիւն կը ցուցաբերէ»` աւելցնելով, որ` «որեւէ հիմք չունինք ենթադրելու, որ սուրիական կառավարութեան ներկայիս ցուցաբերած լաւ գործակցութիւնը որեւէ ձեւով պիտի փոխուի»:

Լաւրով յոյս յայտնեց, որ` «բոլոր կողմերը, ներառեալ Սուրիոյ դրացի երկիրները, Ապահովութեան խորհուրդի պահանջները կը կատարեն եւ չեն արտօներ, որ քիմիական զէնքերը ոչ կառավարական դերակատարներու ձեռքը անցնին», ինչպէս նաեւ չեն արտօներ, որ իրենց հողերը «ահաբեկչական գործունէութիւն» կատարելու համար օգտագործուին:

Նշենք, որ ՄԱԿ շաբաթ օր յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող քիմիական զէնքերու ոչնչացման միջազգային մասնագէտները ռազմագլխիկներ եւ ռումբեր վնասազերծած են:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ սուրիական քիմիական զէնքերու ոչնչացման աշխատանքներուն «մրցանշային արագութեամբ» սկսիլը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի «շնորհիւ է»` աւելցնելով, որ «ասիկա լաւ սկիզբ մըն է եւ մենք կ՛ողջունենք այդ մէկը»:

«Սուրիական քիմիական զէնքերու ոչնչացման գործողութիւնը մրցանշային ժամանակի մէջ սկսաւ, եւ մենք երախտապարտ ենք ռուսական համագործակցութեան եւ Սուրիոյ կողմէ գործողութեան յարգումին համար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «կը կարծեմ, թէ շատ կարեւոր է, որ երէկ` (ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի կողմէ) որոշումին որդեգրումէն մէկ շաբաթ ետք, կարգ մը քիմիական զէնքեր ոչնչացուեցան»:

Ասատ. «Ճակատագիրովս Մտահոգ Չեմ,
Եթէ Վախնայի Շատոնց Հեռացած Կ՛ըլլայի»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մտահոգ չէ Սուրիոյ մէջ իր ճակատագիրով, ինչ որ զինք մղած է 2.5 տարիէ ի վեր շարունակուող հակամարտութեան ընթացքին Դամասկոս մնալու` աւելցնելով, որ` «եթէ վախնայի, շատոնց կը հեռանայի»:

Ան նշեց, թէ իր կարծիքով Սուրիոյ տագնապը զինեալներու հետ բանակցելով կարելի չէ լուծել` «քաղաքական ընդդիմութիւնը պէտք չէ զէնք կրէ, եւ եթէ գոյութիւն ունի մէկը, որ իր զէնքէն հրաժարած է եւ կ՛ուզէ առօրեայ կեանքին վերադառնալ, ապա հարցը կարելի է քննարկել»: Ասատ ըսաւ, որ` «ինծի կը թուի, թէ Արեւմուտքը Քայիտային աւելի կը վստահի, քան` ինծի»` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա որեւէ փաստ չունի, թէ սուրիական կառավարութիւնը քիմիական զէնքեր գործածած է եւ միայն «սուտեր» ունի ներկայացնելիք, սակայն ռուսերը աւելի լաւ կը հասկնան, թէ Սուրիոյ մէջ ինչ կը կատարուի եւ աւելի անկախ են եւրոպացիներէն, որոնք Միացեալ Նահանգներու կը յարին:

Ասատ ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ օգոստոսին` իր նստաշրջանի աւարտէն երկու ամիս առաջ, եւ չի կրնար ըսել, թէ դարձեալ թեկնածու պիտի ներկայանա՞յ, թէ՞ ոչ:

Ան խոստովանեցաւ, որ իր կառավարութիւնը թերեւս սխալ գործեց տագնապին սկիզբը ապահովական բուռն արշաւ շղթայազերծելով, սակայն ինք տակաւին կառչած կը մնայ Սուրիան պաշտպանելու համար «ահաբեկչութեան» դէմ պայքարելուն:

Ասատ յայտնեց, որ սուրիական տագնապը յառաջացուցին արտաքին ուժերը, մասնաւորաբար Քայիտան` նշելով, որ սէուտական եւ քաթարական նիւթական օժանդակութիւններն ու Թուրքիայէն հասնող գումակային օժանդակութիւնները հակամարտութիւնը երկարաձգեցին:

Նախորդը

«Ռոսփոթրեպնատզոր»-ը Դադրեցուցած Է Լիթուանիայէն Ռուսիա Կաթնամթերքի Ներածումը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.