Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին երէկ հերքեց առեւանգեալ երկու եպիսկոպոսներու ազատ արձակման առնչուող որեւէ տեղեկութեանց գոյութիւնը: Սուրի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ տօնական արարողութեան մը առիթով կատարած իր յայտարարութեամբ, դեսպան Զասպիքին վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը` թեթեւցնելու Լիբանանի դիմակալած բեռն ու դժուարութիւնները, որոնք գլխաւորաբար հետեւանք են սուրիացի գաղթականներու շեշտուող հոսքին:


