
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ չեն պատրաստուիր Իրանի դէմ պատժամիջոցները ջնջելու, հակառակ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններ վարելու Իրանի ղեկավարութեան մտադրութեան:
«Մենք կը շարունակենք աշխուժօրէն իրականացնել գոյութիւն ունեցող պատժամիջոցները, մինչեւ որ բանակցային ճամբով որոշում տրուի: Մենք չենք պատրաստուիր պատժամիջոցները ջնջելու, որովհետեւ տակաւին չենք համոզուած, որ իրանեան կառավարութիւնը մտադիր է իր խօսքին տէրը ըլլալ եւ շօշափելի քայլերու ձեռնարկել», ըսած է ան:
Հարֆ յայտնած է, որ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի նշած է այն քայլերը, զորս Իրան կրնայ կատարել: Անոնց շարքին է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան փորձագէտներու արտօնել իր հիւլէական կայանները մուտք գործել:


