Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցի Նաւամոյն Արկածահարներու Հարցով Փրկութեան Ճիգերը Կը Շարունակուին

October 3, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիոյ եւ Ինտոնեզիոյ միջեւ ովկիանոսին խորերը ընկղմած նաւու արկածահար լիբանանցիներուն գծով փնտռտուքի եւ փրկութեան ճիգերը երէկ շարունակուեցան «բանիւ ու գործով»: Արդարեւ, Լիբանանը ներկայացնող պաշտօնական պատուիրակութիւնը, բաղկացած` նախարար Ահմետ Քարամէէ եւ վեց մասնագէտներէ, որոշ ուշացումէ ետք երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Ճաքարթա, իրեն հետ տանելով  «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեանց արդիւնքները:

Միաժամանակ, լիբանանցի պատասխանատուներ Լիբանանէն թէ առնչակից երկիրներէն շարունակեցին իրենց ճիգերը Ինտոնեզիոյ ոստիկանութեան մօտ  արգելափակուած լիբանանցիներու ազատ արձակման գծով: Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Ժումուա հաստատեց, որ պետութիւնը դասաւորեց արգելափակեալ վեց լիբանանցիներու ազատ արձակումը, եւ անոնք շուտով պիտի վերադառնան Լիբանան: Լիբանանեան դեսպանատան գործավար Ժոաննա Ազզէ իր կարգին յստակացուց, որ շուրջ  հազար ամերիկեան տոլար վճարուած է` ազատ արձակել տալու համար լիբանանցի արգելափակեալները: Ազզէ աւելցուց, որ նաւավարը, տեսնելով նաւուն ընկղմիլը,  ճամբորդները ձգած է իրենց ճակատագիրին:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Ինտոնեզիոյ դեսպանը հերքեց, թէ իր երկրին մէջ լիբանանցի արգելափակեալներ կան, այլ պարզապէս իր պետութիւնը ապօրինի  գաղթի գծով ապահովական միջոցառումներու դիմած է: Իսկ աւստրալիական իշխանութեան պատկան մարմիններու վարիչներ երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտնեցին, որ անցեալ ուրբաթ Մելպուռնէն կապ հաստատուած եւ իրենց իմաց տրուած է նշեալ նաւուն մասին` օժանդակութիւն խնդրելով: Պատկան կողմերը  փութացած են օգնութեան հասնելու, սակայն չեն կրցած ճշդել  ովկիանոսին մէջ նաւուն գտնուած դիրքը: Աւստրալիական պաշտպանութեան ուժերու փոխհրամանատար  Մարք Փինսքըն  ընդգծեց, որ դէպքին  մասին իմանալէն 12 վայրկեան ետք պատկան ուժերը, ներառեալ` օդուժը, զօրաշարժի մատնուած` կազմ ու պատրաստ փնտռտուքի սկսան, սակայն չկրցան ճշդել ընկղմած նաւուն ճշգրիտ վայրը: Իր կարգին, գաղթի ու սահմաններու պաշտպանութեան նախարար Սքոթ Մորիսըն նշեց, որ ցարդ 31 հոգի զոհ գացած է այս դէպքին եւ փրկուածներէն 22 հոգի դարմանուած է: Մորիսըն ընդգծեց, որ հաղորդակցութիւններն ու փրկութեան ճիգերը կը շարունակուին:

 

 

Նախորդը

«Լիբանան Տակաւին Աւելի Լաւ Վիճակի Մէջ Է, Քան Մերձակայ Երկիրները» Ընդգծեց Նեպիհ Պըրրի

Յաջորդը

Սուրիացի Գաղթականներու Հետզհետէ Շեշտուող Հոսքի Լոյսին Տակ`. Զանազան Հոգերով Ծանրաբեռնուած Ցուրտ Եւ Դժուար Ձմեռ Մը Կը Նախատեսուի Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.