Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ԲԱԽԻ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐՈՒ

June 13, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի գլխաւորութեամբ կազմուելիք Լիբանանի կառավարութեան ծնունդը տակաւին կարելի չեղաւ յայտարարել` նկատի ունենալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ընթացքին ծագող անվերջանալի հարցերը:

Թէեւ անցեալ չորեքշաբթի օրուընէ ի վեր Լիբանանի մէջ տիրող դրական մթնոլորտը տակաւին առկայ է, սակայն այդ մթնոլորտին առընթեր ի յայտ եկած են որոշ այլ դժուարութիւններ, բարդութիւններ ու խոչընդոտներ, որոնց լուծման համար կ՛աշխատին քաղաքական բոլոր կողմերը, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը:

Նախորդ քանի մը օրերուն ի յայտ եկած հարցն էր կառավարութեան մէջ 6-րդ սիւննի նախարարին հարցը` լուծելէ ետք 6-րդ մարոնի նախարարին խոչընդոտը: Այսինքն` ներկայիս հիմնական հարցը Ֆայսալ Քարամէն նախարար նշանակելու հարցն է` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հարցը լուծուած է:

Նշենք, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը, Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան իրենց նախարարներուն անունները տակաւին չեն ներկայացուցած վարչապետին: Այսինքն` նախանցեալ օր Միքաթիի եւ կառավարութեան կազմութիւնը հետապնդող պատասխանատուներ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախարարներուն անունները չեն բացայայտուած, սակայն երբ Ֆայսալ Քարամէի անունին շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարուած են, որոշ վերապահութիւններ յայտնուած են եւ հարցը մնացած է առկախ:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Այստեղ պէտք է նշել, որ 6-րդ մարոնի նախարարին պարագային, անոր նշանակման հարցը ամբողջութեամբ վստահուեցաւ հանրապետութեան նախագահին:

Միւս կողմէ, Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով ջանքերը ընթացքի մէջ են` աւելցնելով սակայն, որ պէտք չէ չափազանց լաւատես ըլլալ:

Նոյն աղբիւրները կը շեշտեն, որ վարչապետ Միքաթի եւ նախագահ Սլէյման համաձայն են, որ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ հաւասարակշռուած, որպէսզի կարելի ըլլայ տնտեսական եւ կենցաղային բոլոր ծառայութիւնները ապահովել լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ պետական հաստատութիւններուն մէջ պաշտօնեաներու նշանակումներու թղթածրարը ամբողջացնել` սկսելով Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումէն:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ

Յաջորդը

Լիբանանեան

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.