ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան անցեալ ուրբաթ օր յայտարարեց, որ թէ՛ Հայ ազգային քոնկրեսի, թէ՛ իշխանութեան հասկացողութիւնը ղարաբաղեան հարցին մէջ կը կառուցուի զիջման սկզբունքին վրայ:
Ըստ անոր, իշխանութիւնը նուազագոյն զիջումներու միջոցով կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծել, իսկ Հայ ազգային քոնկրեսին կողմէ զիջումը կը դիտուի իբրեւ ռազմավարական նպատակ, եւ առաջին նախագահը ատիկա չի թաքցներ: Ամէն պարագայի, երկուքն ալ զիջելու մտադիր են:
Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Արտակ Զաքարեան իր կարգին նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին մէջ զիջումներու մասին խօսիլը աւելորդ է` կը խօսուի միայն խաղաղ ճամբով բանակցութիւններու մասին:


