Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրի Ընկերային-Տնտեսական Հարցերուն Հետապնդման Զուգահեռ`. Նախագահ Սլէյման Իր Խորհրդակցութիւններուն Ընթացքին Առաջնահերթութիւն Կ՛ընծայէ Կառավարութեան Կազմութեան

October 1, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ

Նիւ Եորքէն իր վերադարձին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խտացեալ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկած է մէկ կողմէ ցուցմունքներ տալով երկրի ընկերային-տնտեսական հրատապ հարցերու լուծման գծով, իսկ միւս կողմէ` փորձելով թափ տալ կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան ճիգերուն:

Այս ծիրին մէջ, Սլէյման երէկ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը, որ մեկնումի պահուն մերժեց յայտարարութիւն կատարել:

Այս ծիրին մէջ, մօտալուտ կառավարութիւն կազմելու նախագահի նախաձեռնութեան արձագանգեցին զանազան կողմերու ղեկավարներ` իւրաքանչիւրը մեկնելով դէպքերու եւ կեցուածքներու իր ընթերցումէն:

Օրինակ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ առաջարկած էր վերատեսութեան ենթարկել արծարծուող երեք ութերու կառավարութեան տարազը:

Կարգ մը այլ աղբիւրներ կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան գծով նախագահ Սլէյմանի այս «խանդավառութիւնը» կը մեկնաբանեն իբրեւ խաղաքարտ, զոր Սլէյման կ՛ուզէ օգտագործել ի սպաս իր պաշտօնավարութեան ժամկէտի երկարաձգման: Սակայն Պաապտայի պալատի աղբիւրներ կը հերքեն նախագահ Սլէյմանի պատրաստակամութիւնը` պաշտօնավարութեան նոր ժամանակաշրջանի մը գծով` նշելով, որ արդէն իսկ սուրիական իշխանութիւնները, իրենց հաւանութիւնը փոխանցած են շիի երկու ղեկավարներուն` սէյիտ Նասրալլայի եւ Պըրրիի, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահական թեկնածութեան գծով: Քուէյթեան «Անպաա» թերթը, որ կը հաղորդէ այս տեղեկութիւնները, կ՛աւելցնէ, որ սուրիական իշխանութիւնները իրենց այս կեցուածքը պիտի յայտարարեն հետագային` առաւել եւս խորացնելով Աուն – Ֆրենժիէ յարաբերութեանց «պաղութիւնը» եւ նեղ կացութեան մատնելով հասարակաց դաշնակից Հըզպալլան:

Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը անհաւանական նկատեց կառավարութեան մօտալուտ կազմութիւնը` հանրապետութեան նախագահին Սէուտական Արաբիա այցելութեան յետաձգումը վերագրելով շրջանային աննպաստ պայմաններու, աւելի քան Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորի առողջական վիճակին:

Նմանապէս, «Ժումհուրիա» օրաթերթը յայտնեց, որ այս այցելութիւնը յետաձգուած է առ ի դժգոհութիւն ամերիկեւիրանեան մերձեցումէն, եւ Սէուտական Արաբիա ներկայիս առաջնահերթութիւն կ՛ընծայէ սուրիական թղթածրարին: Մինչ այդ, «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի մօտ օրէն պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի հաղորդագրութեամբ մը վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի` ընդգծելով, որ նախագահ Սլէյմանի Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը յետաձգուած է լիբանանեւսէուտական խորհրդակցութենէ ետք եւ թէ այցելութեան նոր թուականը պիտի ճշդուի մօտ օրէն:

Այս միջոցին մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ներքին հարց է, որ ունի իր սկզբունքներն ու առարկայական չափանիշերը: Լայեուն մերժեց այս հարցին առնչակցութիւնը արտաքին եւ շրջանային իրադարձութեանց` կոչ ուղղելով բոլոր կողմերուն ձերբազատելու արտաքին ազդեցութիւններէ: «Ախպար Եաում» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Լայեուն կոչ ուղղեց բոլոր կողմերը ներկայացնող համապարփակ կառավարութեան կազմութեան: «Գրեթէ միաձայնութեամբ նշանակուած վարչապետ Թամմամ Սալամին շուրջ համախոհութիւնը կ՛առաջադրէ նման կառավարութեան մը կազմութիւնը», ընդգծեց Լայեուն:

Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի նշեց, որ «ազգային համապարփակ կառավարութիւնը կը ցոլացնէ Լիբանանի պաշտպանութեան գծով կողմերուն վճռակամութիւնը, յատկապէս որ կը գտնուինք նախագահական ընտրութեանց սեմին»:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց քաղաքական հիմնական բոլոր ուժերը ընդգրկող կառավարութեան կազմութեան: Այս գծով ան նշեց, որ պէտք է օգտուիլ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած երկխօսութեան նախաձեռնութենէն եւ զարկ տալ դրական խորհրդակցութիւններու գործնական թարգմանութեան:

 

Նախորդը

Սուգի Մթնոլորտի Մը Մէջ. Աքքարի Բնակիչները Շարունակեցին Իրենց Հարազատներու Փնտռտուքի Ճիգերը

Յաջորդը

Ազգային Էութեան Մասին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.