Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զգուշացնելով Շրջանի Քրիստոնեաները Արտագաղթի Մղող Փորձերէն`. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Անդրադարձաւ Տեղական Ու Շրջանային Հարցերու «Սաութ Լուպնան»-ի Հետ Իր Հարցազրոյցին Ընթացքին

September 30, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սաութ Լուպնան» կայանը իր շաբաթօրեայ «Աքլամ Թուհաուեր» խորագրեալ յայտագիրով հիւրընկալեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին` համապարփակ զրոյց մը ունենալով տեղական թէ շրջանային հրատապ հարցերուն շուրջ:

Լիբանանեան ներքին կացութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի դրուատեց Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը, որ եկաւ նոր թափ տալու նախագահ Սլէյմանի հովանաւորած «Պաապտայի յայտարարութեան»:

Բագրատունի այս գծով «դրական» որակեց շաբաթավերջին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հանդիպումը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Կառավարութեան կազմութեան գծով Բագրատունի ընդգծեց, որ լիբանանցիք դէմ են կազմելու կառավարութիւն մը, որ պիտի չգործէ: Իսկ բաժիններ ձեռք ձգելու գծով կեցուածքներուն անդրադառնալով` Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի մէջ այս երեւոյթը կը տիրէ հինէն ի վեր, 1943-էն ի վեր, երբ իւրաքանչիւր կողմ կը պնդէր պետութեան մէջ իր «բաժին»-ը ունենալ:

Ան ընդգծեց, որ արտաքին կողմերու համաձայնութիւնը չի նշանակեր, թէ լիբանանեան կողմեր պիտի ընդառաջեն արտաքին կողմերէն ներկայացուող առաջարկներուն` զիջելով իրենց իրաւունքներէն:

Շեշտելով, թէ ինք արաբ չէ, բայց արաբամէտ է Բագրատունի զարմանք յայտնեց, որ շրջանի 350 միլիոն հաշուող արաբները իրենց ունեցած քարիւղային թէ այլ հարստութիւններով չեն կրնար իրենք զիրենք կառավարել եւ կ՛ապաւինին արտաքին կողմերու միջամտութեան:

Բագրատունի վերյիշեց, թէ ինչպէ՛ս անցեալին արաբական աշխարհը ընդդիմացած էր օսմանեան իշխանութեան եւ սուլթան Ապտուլ Համիտի դէմ` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ ներկայիս չեն օգտագործուիր արաբական աշխարհի կարողութիւններն ու կարելիութիւնները` արաբներու ճակատագիրի տնօրինման գծով:

Ժողովրդավարութեան հաստատման պիտակին տակ եւ «շինիչ քաոս» կոչուած կարգախօսով շրջանը ենթարկուեցաւ գաղափարական-դաւանական անկիւնադարձային փոփոխութեան, շարունակեց Բագրատունի:

Ան դիտել տուաւ, որ շրջանը ոչ թէ կը գտնուի վառօդի տակառի վրայ, այլ նոյնինքն ի՛նքն է վառօդի տակառը: Ան զգուշացուց շրջանի քրիստոնեաներուն դէմ ցցուող վտանգէն` քննադատելով կարգ մը դեսպանատուներ, որոնք դիւրաւ այցեգիր տալով նաեւ կը դիւրացնեն անոնց արտագաղթը:

Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ն ներկայութիւն է 34 երկիրներու մէջ, «ինչ որ կը դիւրացնէ կարծիքներու եւ տեղեկութեանց փոխանակումը եւ մեզ իրազեկ կը դարձնէ այլ երկիրներու անցուդարձներէն:

Բագրատունի մերժեց երեք ութերու տարազով կառավարութեան կազմութիւնը, որ սկիզբէն իսկ պատշաճ ձեւով չէր առաջադրուած: «Այս գծով բաւական ժամանակ կորսնցուցինք, եւ այսօր նախագահ Սլէյման կ՛առաջարկէ, որ իրեն վստահուի կառավարութեան կազմութիւնը, վստահութիւն տրուի իրեն եւ վարչապետին: Սակայն մենք դէմ ենք կառավարութեան մը, որուն նախարարները կազմութենէն անմիջապէս ետք պիտի հրաժարին», ընդգծեց Բագրատունի: Բագրատունի իբրեւ օրինակ նշեց հայութեան ներկայացուցչութիւնը նախագահ Լահուտի օրով, երբ նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան 1-2 ամիս մերժեց մասնակցիլ կառավարութեան նիստերուն:

«Կառավարութեան կազմութեան ձեւերէն մէկը կրնայ ըլլալ «9-9-6» տարազը», դիտել տուաւ Բագրատունի` նշելով, որ որոշում չկայ քաղաքական կողմերու կամքին հակառակ կառավարութիւն կազմելու:

 

Նախորդը

Շաբաթավերջի Ապահովական Ցնցումներուն Մթնոլորտին Մէջ. Նախագահ Սլէյման Եւ Պատկան Կողմեր Փութացին Ամրապնդել Պետութեան Գերիշխանութիւնը

Յաջորդը

«Հայաստանն Ու Համարկումի Մարտահրաւէրը» Խորագիրով Զրոյցին Տեսերիզը` «Ազդակ»-ի Կայքէջին Վրայ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.