Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրապահիկի Փնտռտուքով Դէպի Աւստրալիա Նաւարկելու Ընթացքին. Բազմաթիւ Լիբանանցի Զոհեր` Ինտոնեզիայէն Աւստրալիա Նաւարկող Նաւու Մը Ընկղմելուն Պատճառով

September 28, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

120 ճամբորդներ փոխադրող նաւ մը, որ կը փորձէր ապօրինի կերպով Ինտոնեզիայէն Աւստրալիա հասնիլ, ընկղմեցաւ երէկ` զարնուելէ ետք ժայռի մը: Աւստրալիոյ ծովափէն շուրջ 11 ժամ հեռաւորութեան վրայ, ծովուն խորը ընկղմած նաւէն փրկուած են 18 լիբանանցիներ:

Ըստ նախնական տեղեկութեանց, Ապու Սալեհ կոչուող միջնորդ մը տասը հազար տոլար գանձած է, որպէսզի նշեալ ճամբորդները Աւստրալիա հասցնէ:

Այլ տեղեկութիւններ յայտնեցին, որ նաւը կը տառապէր թեքնիք խանգարումներէ, սակայն նաւավարը խոստացած էր ճամբորդները փոխադրել այլ նաւ մը:

Արկածը զօրաշարժի մատնեց լիբանանցիները` ժողովրդային թէ պետական պաշտօնական մակարդակներու վրայ: Այն միջոցին, երբ արկածահար լիբանանցիներու ընտանեկան պարագաները Աքքարի (Հիւսիսային Լիբանան) Հրար եւ Քպիիթ աւաններուն մէջ իրենց հարազատներուն մասին տեղեկութիւններ կը խնդրէին, լիբանանեան իշխանութիւնները ձեռնարկեցին անմիջական կապերու տեղական թէ արտաքին դիւանագիտական պատկան կողմերու հետ:

Նախագահ Սլէյման Նիւ Եորքէն իր վերադարձին անմիջապէս փութաց անհրաժեշտ հաղորդակցութիւններու ձեռնարկելու` միաժամանակ պահանջելով պատկան կողմերէն հետապնդել այս դէպքին մանրամասնութիւնները եւ ձեռնարկել անհրաժեշտ միջոցառումներուն` տեղական թէ արտաքին դիւանագիտական մակարդակներու վրայ:

Նմանապէս, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր իր կարգին կապ պահեց պատկան կողմերուն հետ` հետեւելով արկածահարներու վերջին լուրերուն:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի փութաց դիւանագիտական հաղորդակցութիւններ կատարելու զանազան կողմերու հետ: Ան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար դեսպան Ռաֆիք Ռհէյմիի թելադրեց ձեռնարկել դիւանագիտական անհրաժեշտ կապերուն` իմանալու համար լիբանանցի ճամբորդներուն վերաբերող վերջին տեղեկութիւնները:

Ինտոնեզիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Ժուաննա Մարիա Ազզէ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը միջոցով յայտնեց, թէ ինք արկածի լուրը իմանալէն անմիջապէս ետք ձեռնարկած է զանազան հաղորդակցութիւններու` պատկան կողմերուն, յատկապէս Ինտոնեզիոյ փրկարար գործակալութեան թէ այլ փրկարար մարմիններու հետ: Ազզէ աւելցուց, որ Նաւուն ընկղմած վայրը ծովափէն շուրջ 11 ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:

Իր կարգին, նշեալ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Ժումաա յստակացուց, որ նաւուն վրայ 120 ճամբորդներ եւ ոչ թէ 80 ճամբորդներ կային, եւ ինք անհրաժեշտ միջոցառումներուն ձեռնարկած է` իմանալու համար արկածահար լիբանանցիներուն վերաբերող վերջին լուրերը: Փրկուողներէն Հիւսէյն Խտըր յայտնեց, թէ կարգ մը լիբանանցիներ փրկուած են, սակայն անոնց, ինչպէս նաեւ իր ընտանեկան պարագաները խեղդուած են:

Արկածեալներէն մէկուն հայրը փափաք յայտնեց, որ կարելի ըլլայ իրենց զաւակները Լիբանան փոխադրել:

Յայտնենք, որ 60 զոհերէն 18 լիբանանցի են, իսկ երեք լիբանանցիներ կորսուած կը նկատուին:

Մինչ այդ, փրկութեան ճիգերը կը շարունակուին Ինտոնեզիոյ եւ Աւստրալիոյ միջեւ ովկիանոսին խորերը ընկղմած նաւուն արկածեալները փրկելու համար:

Նախորդը

Մերժելով Իր Պաշտօնավարութեան Ժամանակաշրջանի Երկարաձգումը`. «Բոլոր Կողմերը Համամիտ Են Ազգային Երկխօսութեան» Ընդգծեց Նախագահ Սլէյման

Յաջորդը

Արցախ. Նախագահ Սահակեան Պարոնուհի Քոքսը Կը Պարգեւատրէ «Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.