Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Արուարձաններու Օրինակով Ապահովութեան Ծրագիր Մը` Թրիփոլիի Մէջ. «Լիբանանեան Բոլոր Շրջանները Կ՛ողջունեն Պետութիւնն Ու Անոր Օրինական Ուժերը» Հաստատեց Նեժիպ Միքաթի

September 28, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապահովական նիստէն պահ մը

Պէյրութի հարաւային արուարձաններու օրինակով ապահովական ծրագիր մը Թրիփոլիի մէջ եւս գործադրելու առաջադրանքով, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական ընդլայնուած նիստի մը` մասնակցութեամբ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն:

Այս առիթով Միքաթի վերահաստատեց Թրիփոլիի մէջ ապահովութեան ամրապնդման գծով իր նախանձախնդրութիւնը եւ շեշտեց, որ լիբանանեան բոլոր շրջանները կ՛ողջունեն պետութիւնն ու անոր օրինական ուժերը:

«Թրիփոլի Լիբանանի երկրորդ մայրաքաղաքն է, եւ մենք որոշ ատենէ ի վեր նախապատրաստական քայլեր կ՛առնէինք` ապահովական այս ծրագիրին գործադրութեան համար», ընդգծեց Միքաթի:

Իր կարգին, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ ժողովի աւարտին յայտնեց, որ ներկաները միաձայնութեամբ համաձայն գտնուած են, որ վարչապետ Միքաթի գլխաւորէ այս ծրագիրի քաղաքական բաժինը, մինչ ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները պիտի հետեւին ծրագիրի ապահովական բաժինի գործադրութեան միջոցառումներուն:

Նշենք, որ ժողովին կը մասնակցէին նշեալ նախարարներուն կողքին պետական նախարարի պաշտօնակատար Ահմետ Քարամէ եւ երեսփոխաններ ու ապահովական պատասխանատուներ:

Ըստ գործադրուելիք ապահովական ծրագիրին, մինչեւ յառաջիկայ երեքշաբթի ժամկէտ ճշդուած է, որուն ընթացքին առաջնահերթութիւն պիտի տրուի հետեւեալ հարցերու լուծման.

Հսկել ապահովութեան խախտումի որեւէ փորձի կանխարգիլման միջոցառումներուն:

Հսկել, որ ականահարուած ինքնաշարժներ Թրիփոլի մուտք չգործեն:

Յանձնառու ըլլալ Ժապալ Մըհսենի եւ Թըպպանէի միջեւ լարուածութեան մեղմացման ու աստիճանական լուծման:

Նախորդը

Արեւելքի Կաթողիկէ Քրիստոնեաներու Համագումարին Նախագահելով`. «Այն Միջոցին, Երբ Շրջանի Ժողովուրդները Նոր Կեանք Կը Յուսային, «Արաբական Գարուն»-ը Վերածուեցաւ Ձմրան» Ընդգծեց Ռայի Պատրիարք

Յաջորդը

Մերժելով Իր Պաշտօնավարութեան Ժամանակաշրջանի Երկարաձգումը`. «Բոլոր Կողմերը Համամիտ Են Ազգային Երկխօսութեան» Ընդգծեց Նախագահ Սլէյման

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.