
Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Մարդկային իրաւանց միջազգային ներկայացուցչութեան դեսպան Ալի Աքիլ Խալիլ երէկ հաստատեց, որ առեւանգեալ Եազիժի եւ Իպրահիմ եպիսկոպոսները ողջ եւ լաւ վիճակի մէջ են: «Վանայ Ձայն»-ի արաբերէն բաժինի խօսնակ Հալա Հատտատի հարցումներուն պատասխանելով` դեսպան Խալիլ հաւաստիացուց, որ եպիսկոպոսներ Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ կը գտնուին Հալէպի օրինական դատարանի շրջանին մէջ` չէչէններու հսկողութեան տակ:
Ան մաղթեց, որ Թուրքիա նախաձեռնէ դրական քայլի մը` եպիսկոպոսներու ազատ արձակման գծով` դիտել տալով, որ միջազգային գաղտնի սպասարկութեանց մէկէ աւելի կողմեր միջնորդած են Թուրքիոյ մօտ, որ եպիսկոպոսները մահուան չդատապարտուին: Դեսպան Խալիլի կարծիքով, Թուրքիա կրնայ ազդել եւ գործնական դեր կատարել եպիսկոպոսներու ազատ արձակման գծով:


