Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Ներկայացուած Է Հայաստանի Եւ Հայիթիի Անտառներու Վերականգնման Մասին Օրինագիծը

September 28, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի` դեմոկրատական մեծամասնութեան առաջնորդի օգնական Ռիչըրտ Տարպին 25 սեպտեմբերին ներկայացուց նոր օրինագիծ մը, որուն նպատակն է կանխել արագ անապատացումը Հայաստանի եւ Հայիթիի մէջ:

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հաղորդեց, որ օրինագիծը կը նախատեսէ քսան տարուան ընթացքին վերականգնել անտառային շերտը` ատիկա հասցնելով մինչեւ 1990 թուականի մակարդակը:

«Մենք ուրախ ենք աջակցելու ծերակուտական Տարպինի ներկայացուցած «Հայիթիի եւ Հայաստանի անտառներու վերականգնման» օրինագիծին եւ կ՛ողջունենք անոր առաջնորդութիւնը օրինագիծի ժամանակին ընդունման գործին մէջ, որուն նպատակն է խթանել անտառներու վերականգնման կայուն աճը Հայիթիի ու Հայաստանի անտառային տնտեսութիւններու զարգացման համար, ինչպէս նաեւ թոյլատրել «Բնութիւն` պարտքի դիմաց» փոխանակումները», նշեց Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

«Բնութիւն` պարտքի դիմաց»-ը տնտեսական գործարքներու փոխանակման ծրագիր մըն է, որուն համաձայն զարգացող երկրին արտաքին պարտքին մէկ մասը կը ներուի շրջակայ միջավայրի պահպանման համար կատարուող տեղական ներդրումներուն դիմաց:

«Հայիթիի եւ Հայաստանի անտառներու վերականգնման» օրինագիծով երկու երկիրներուն համար կը նախատեսուի իւրացնել համընդհանուր եւ կենսոլորտային առումով կայուն անտառներու վերականգնման ու գիւղատնտեսական միջազգային փորձառութիւնը, բարելաւել անտառային կառավարումը այնպիսի միջոցներով, որոնք պիտի ընդգրկեն եւ պիտի պաշտպանեն տեղական համայնքները եւ խումբերը: Այդ օրինագիծով կը նախատեսուի բարձրացնել Հայիթիի եւ Հայաստանի համապատասխան նախարարութիւններուն ու մասնաւոր կազմակերպութիւններուն միջեւ համակարգումը եւ մշակել կատարողականութեան կարճաժամկէտ ու երկարաժամկէտ չափորոշիչներ` արդիւնքները գնահատելու համար: Անոր համար պիտի կիրարկուի արհեստագիտութիւն, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ վերահսկել (շրջակայ միջավայրի) պահպանման ուղղուած ջանքերուն արդիւնքներուն:

Օրինագիծը «Բնութիւն` պարտքի դիմաց» փոխանակումներ կը թոյլատրէ երկու երկիրներուն համար:

 

 

Նախորդը

Վոլիպոլ. Այսօր Կը Սկսի Ասիական 17-րդ Ախոյեանութիւնը

Յաջորդը

Խօսք Նահապետին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.