Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քանատա Կը Ցանկայ Օգնել Սուրիահայ Գաղթականներուն Եւ Այս Գծով Ազրպէյճանի Զղագարութիւնը Անտրամաբանական Է» Ըսաւ Սթաֆան Տիոն

September 27, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մանոյեան եւ Տիոն

Երէկ «Ուրբաթ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` Քանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոնի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ:

Լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ քանատացի երեսփոխանը տեղեկացուց իր այցելութեան նպատակը` ծանօթանալ Արցախի իրականութեան, աջակցիլ հայ-քանատական յարաբերութիւններու սերտացման, ծանօթանալ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գտնուող սուրիահայերու խնդիրներուն` անոնց լուծման համար Քանատայի աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով:

Արցախ այցելութեան ընթացքին քանատացի խորհրդարանականը ծանօթացած է սուրիահայերու խնդիրներուն, որոնք ըստ անոր բնութագրումին` այդքան ալ բարւոք չեն: Տակաւին կարելի չէ ըսել, թէ ինչպիսի օգնութիւն կը ցուցաբերուի գաղթականներուն, թէեւ որոշ առաջարկներ ստացած է սփիւռքի նախարարէն եւ սուրիահայերէն, սակայն պէտք է վերադառնայ Քանատա եւ քանատական կառավարութեան հետ քննարկէ աջակցութեան ձեւաչափը:

Տիոն յայտնեց, որ Քանատա մօտիկէն կը հետեւի այդ բոլոր իրադարձութիւններուն, ու նաեւ շատ մտահոգ է քիմիական զէնքի օգտագործման փաստին առիթով:

Հայաստան ժամանելու հրաւէրը ընդունելէն առաջ Տիոն տեղեակ եղած է հայ-ազրպէյճանական հարցին, սակայն տեղեակ չէ եղած ազրպէյճանական «սեւ ցուցակ»-ի մասին, որ անտրամաբանական կը նկատէ: Սթեֆան Տիոն այնուամենայնիւ արժանացած է ազրպէյճանցիներու քննադատութեան. անոնք կապուած են երեսփոխանին գրասենեակին հետ` յայտնելու իրենց դժգոհութիւնը, սակայն Տիոն նշեց, որ ինք բացատրած է, որ իր այցելութեան առաքելութիւնը եղած է սուրիահայ գաղթականներու հետ հանդիպումը:

«Անտրամաբանական է «սեւ ցուցակ»-ը` անտրամաբանական է որոշ տարածքի բնակչութիւնը անջատել մարդկութեան մնացեալ հատուածէն», յայտարարեց  քանատացի երեսփոխանը:

Սթեֆան Տիոն ընդգծեց, որ Քանատայի մէջ հայ համայնքը ամէնէն կազմակերպուածներէն եւ յաջողածներէն մէկն է: «Հայերը բաւական յաջողակ են, կը խօսին հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, համարկուած են քանատական կեանքին, բայց նաեւ կը պահպանեն իրենց մշակութային արմատները: «Քանատայի մէջ հայերը մեծ աւանդ ունեցած են, եւ Քանատան ալ որոշ չափով պարտաւոր է օգտակար դառնալ Հայաստանին», ըսաւ երեսփոխանը, որ կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի մէջ քանատական դեսպանատուն ունենալը, որ, ըստ անոր, աւելի պիտի խորացնէ հայ-քանատական յարաբերութիւնները:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան տեղեկացուց, որ յառաջիկային քանատական  այլ պատուիրակութիւն մը եւս պիտի գայ Արցախ:

«Արցախեան շարժման 25-ամեակին առիթով յառաջիկային կը նախատեսուի Արցախի մէջ միջազգային համաժողով կազմակերպել: Այդ համաժողովը պիտի կազմակերպէ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը: Ներկայ պիտի գտնուին եւրոպացի դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ այն պատուիրակութիւններէն անդամներ, որոնք Արցախ այցելած են: Նպատակը այսպիսի այցելութիւններուն, որոնք կը կազմակերպուին Հայ դատի գրասենեակներուն կողմէ, մէկ է. այդ մարդիկը անձամբ ծանօթանան իրավիճակին եւ իրենց կարծիքները յայտնեն: Պէտք չէ ըլլան անարդար, ոչ ճիշդ մեկնաբանութիւններ ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ», ընդգծեց Մանոյեան:

 

 

Նախորդը

Եւրոպացի Երեսփոխանները Անգամ Մը Եւս Դատապարտած Են Ազրպէյճանը

Յաջորդը

Նոր Ընդհանուր Դատախազի Նշանակման Հարցով. Նախագահ Սարգսեան Առաջադրեց Գէորգ Կոստանեանի Թեկնածութիւնը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.