
«Կրնանք ըսել, թէ ճարտարարուեստի վիճակը լաւ ընթացքի մէջ է», յայտարարեց խորհրդարանական տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Նեպիլ Տը Ֆրէյժ երէկ յանձնախումբի նիստին աւարտին` ներկայութեամբ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանի եւ այլ տնտեսագէտներու եւ մասնագէտներու:


