
Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ երէկ կասկած յայտնեց Թուրքիոյ կեցուածքի անկեղծութեան գծով: Ան յայտնեց, որ ամիսներէ ի վեր առեւանգուած Եազըճի եւ Եուհաննա եպիսկոպոսները, «ըստ քանի մը օրեր առաջ մեզի հասած տեղեկութեանց, ողջ ու լաւ վիճակի մէջ են»:
Աֆրամ յայտնեց նաեւ, որ ճիգերը կը շարունակուին անոնց ազատ արձակման համար:


