Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 52 տարի առաջ քիչ մնացած է, որ Միացեալ Նահանգներու Նորթ Քարոլայնա նահանգին մէջ ջրածնային ռումբի պայթում տեղի ունենայ:
Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի, ամերիկեան գաղտնազերծուած փաստաթուղթ մը կը վկայէ, որ 1 յունուար 1961-ին Միացեալ Նահանգներ հրաշքով խուսափած են «հրէշաւոր չափերով աղէտէն»:
Այդ օր ռազմավարական ռմբաձիգ «Պի-52» տիպի օդանաւ մը, որուն մէջ եղած են 4 մեկաթոն զօրութեամբ երկու ջրածնային ռումբեր, «Սէյմուր Ճոնսըն» ռազմակայանէն թռիչք առած է, սակայն օդին մէջ կործանած է` «կորսնցնելով» հիւլէական մարտագլխիկները:
Անոնցմէ մէկը ինկած է մարգագետինի մը մէջ, իսկ միւսին պարագային, ճիշդ զինուորական կիրարկման նման, բացուած է ռումբի օդապարիկը եւ միացած է իջնելու մեքանիզմը, որոնք տեղի կ՛ունենան ռումբի պայթելու ժամանակ:
Ի յայտ եկած է, որ չեն աշխատած ռումբի անվտանգութեան չորս մեքանիզմներէն երեքը, որոնք պատասխանատու են անոնց պատահական պայթումը կանխարգիլելու:
Աղէտը կանխարգիլուած է միայն վերջին կանխարգելիչ մեքանիզմին շնորհիւ:
Այդ զէնքերէն իւրաքանչիւրը 260 անգամ աւելի հզօր եղած է, քան ամերիկացիներուն կողմէ Հիրոշիմայի դէմ արձակուած հիւլէական ռումբերը:
Եթէ այդ ռումբերը պայթէին, ապա պիտի վնասուէին այնպիսի շարք մը մեծ քաղաքներ, ինչպէս` Ուաշինկթընը, Պալթիմորը, Ֆիլատելֆիան եւ մինչեւ իսկ Նիւ Եորքը, եւ միլիոնաւոր զոհեր պիտի պատճառէին:


