Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի 68-րդ Ընդհանուր Ժողովի Նախօրեակին. Նախագահ Սլէյման Նիւ Եորքի Մէջ Կը Ձեռնարկէ Հանդիպումներու

September 24, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ Իպրահիմի

Այսօր` երեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին, համայն աշխարհի ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Նիւ Եորքի վրայ, ուր աշխարհի մեծամեծները ՄԱԿ-ի 68-րդ Ընդհանուր ժողովին պիտի արծարծեն սեղանի վրայ դրուած հրատապ հարցերը:

Այս ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման արդէն իսկ նախապատրաստական հաղորդակցութիւններու ձեռնարկած է միջազգային պատկան կողմերու հետ:

Այս իմաստով նախագահ Սլէյման անջատ հանդիպումներ ունեցաւ սուրիական տագնապին գծով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի, Լիպիոյ հարցին գծով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Թարեք Միթրիի եւ այլ պատասխանատուներու հետ:

Լախտար Իպրահիմիի հետ նախագահ Սլէյմանի խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց սուրիական տագնապը` նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ, որոնց ծիրին մէջ սուրիացի գաղթականներու հոսքը հիմնական մտահոգութիւն դարձած է լիբանանեան իշխանութեանց համար:

Նախագահ Սլէյման եւ Թարեք Միթրի

Արդարեւ, շուրջ մէկուկէս միլիոն հաշուող սուրիացի գաղթականներէն ոմանք իրենց հետ բերած են իրենց ինքնաշարժները, որոնց թիւը կը հասնի շուրջ կէս միլիոնի` երթեւեկի խճողումի թէ այլ մտահոգութիւններ բարդացնելով: Նշեալ գաղթականներու տեղակայման եւ հոգածութեան պիւտճէն, ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, 7,9 միլիառ ամերիկեան տոլարի կը հասնի 2014-ի սեմին: Այս բոլոր հարցերը արծարծուեցան նախագահ Սլէյմանի եւ Լախտար Իպրահիմիի միջեւ:

Իսկ նախկին նախարար Թարեք Միթրի, որ կը գլխաւորէ Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի պատուիրակութիւնը, իր կարգին տեսակցելէ ետք նախագահ Սլէյմանի հետ, մեծ յոյսեր կապեց Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան միջազգային մարմինի ժողովին գծով, պայմանաւ որ Լիբանան յստակօրէն իր պահանջները ներկայացնէ սեղանի վրայ:

Այս ծիրին մէջ դարձեալ, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը յոյս յայտնեց, որ Նիւ Եորքի այս համագումարը ճամբան հարթէ նորանոր լուծումներու` Լիբանանի բարդ հարցերու լուծման ճիգերուն մէջ: «Սուրիոյ դէպքերուն սկիզբէն ի վեր Լիբանան նախանձախնդիր եղած է միջամուխ չդառնալու եւ չէզոք մնալու, սակայն դէպքերը իրենց ժխտական հետեւանքներով Լիբանանը Սուրիոյ տագնապին մէջ մխրճեցին ուղղակիօրէն», յայտնեց Մանսուր:

 

Նախորդը

Ողջունելով Օրինական Ուժերու Դիրքաւորումը Տահիէի Մէջ`. Նասրալլա Կոչ Ուղղեց Գործակցելու Եւ Դիւրացնելու Օրինական Ուժերու Առաքելութիւնը

Յաջորդը

Երեսնամեայ Պարտադիր Ընդմիջումէ Ետք. Օրինականութիւնը Վերստին Կը Հաստատէ Իր Գերիշխանութիւնը Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.