«Ժապհաթ Նուսրայի ուժերու Ազեզի շրջանին տիրապետելու մասին լուրը թրքական սին յանկերգ մըն է, որ կը միտի վախցնել Ազեզի մէջ առեւանգեալ լիբանանցիներու ընտանեկան պարագաները», յայտարարեց Ազեզի մէջ աւելի քան տարիէ մը ի վեր առեւանգուած ինը լիբանանցիներու հարցով զբաղող շէյխ Ապպաս Զղէյպ երէկ` առեւանգեալներու հարազատներուն կազմակերպած ցոյցին ընթացքին: «Երկրին ծանօթ պայմաններուն բերումով առեւանգեալներու ընտանեկան պարագաները առժամաբար ընդհատած էին իրենց շարժումը», ընդգծեց շիիներու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ: Ան զգուշացուց թրքական իշխանութիւնները` դիտել տալով, որ Ազեզի շրջանին վրայ Ժապհաթ Նուսրայի տիրապետութեան մասին լուրերը կրնան ազդել Լիբանանի մէջ առեւանգուած երկու թուրքերու կացութեան վրայ:
Նշենք, որ ժամանակաւոր ընդհատումէ ետք, Հալէպի մերձակայ Ազեզ շրջանին մէջ առեւանգեալ լիբանանցիներու հարցը վերստին սեղանի վրայ դրուեցաւ` աւելի շեշտակի բնոյթ ստանալով: Արդարեւ, այս գծով թրքական մշակութային կեդրոնին առջեւ կազմակերպուած բողոքի ցոյցի ընթացքին շէյխ Ապպաս Զղէյպ բացայայտեց, որ թրքական պետութեան դէմ դատական հայց յարուցուած է Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին մօտ:
Նմանապէս, այս հարցով զբաղող նախարարական ենթայանձնախումբը գումարեց նիստ մը, որուն աւարտին աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրէյսաթի հանգստացուց, թէ առեւանգեալները վտանգի մէջ չեն ներկայիս, հակառակ Ժապհաթ Նուսրայի տիրապետութեան լուրերուն:


