Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քիմիական Զէնքերու Հարցին Եւ Սուրիոյ Տագնապին Միջեւ Ուղղակի Կապ Գոյութիւն Չունի» Ըսաւ Ասատ

September 20, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Պաշշար Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց, որ Սուրիա քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման համաձայնութեան միանալու եւ իր քիմիական զէնքերը վնասազերծելու համաձայնած է ամերիկեան սպառնալիքներուն պատճառով` աւելցնելով, որ «հարցը սպառնալիքին հետ կապ չունի, չէ պատահած, որ Սուրիա սպառնալիքի առջեւ ընկրկի, մենք մեր կարիքներէն եւ համոզումներէն մեկնելով ռուսական նախաձեռնութեան ընդառաջեցինք»:

Ասատ յայտնեց, որ «քիմիական զէնքերու հարցին եւ Սուրիոյ տագնապին միջեւ ուղղակի կապ գոյութիւն չունի»` աւելցնելով, որ «եթէ ուզենք դէպի քաղաքական լուծում յառաջ շարժիլ, կրնանք այդ մէկը կատարել, սակայն ատիկա քիմիական զէնքերուն շուրջ համաձայնութեան հետ կապ չունի»:

Սուրիոյ նախագահը ողջունեց տագնապին մէջ Մոսկուայի դերակատարութիւնը` նշելով, որ «Ռուսիա Սուրիան քաղաքական գետնի վրայ պաշտպանեց»:

Ինչ կը վերաբերի 21 օգոստոսին Դամասկոսի Ղութայի շրջանին մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման շուրջ ՄԱԿ-ի զեկուցումին, Ասատ ըսաւ, որ «պէտք է սպասենք, մինչեւ ստանանք ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն մօտ գտնուող փաստերը, զեկուցումին շուրջ համակարծիք կամ տարակարծիք կ՛ըլլանք, երբ  փաստերը ստանանք: Անոնք իրենց առաքելութիւնը տակաւին չամբողջացուցին եւ Սուրիա պիտի վերադառնան: Պէտք է անոնց մօտ գտնուող փաստերը քննարկենք, որպէսզի տեսնենք, սակայն չենք կրնար զեկուցումին հետ տարակարծիք ըլլալ, առանց անոր հակասող փաստեր ունենալու»:

Ասատ հերքեց, թէ սուրիական կառավարութիւնը քիմիական զէնք օգտագործած է, եւ ըսաւ. «Մէկ խօսք` Ղութայի մէջ քիմիական զէնք չօգտագործեցինք, որովհետեւ եթէ օգտագործէինք մեր զինուորներուն եւ Դամասկոսի մէջ տասնեակ հազարաւոր քաղաքայիններուն վնաս պիտի հասցնէինք»:

Ան զգուշացուց, որ երկրին մէջ 2.5 տարիէ ի վեր շարունակուող տագնապին լոյսին տակ` իբրեւ աշխարհիկ պետութիւն Սուրիոյ դիրքը կրնայ վտանգուած ըլլալ: «Երբ այսպիսի ծայրայեղականութիւն, ահաբեկչութիւն եւ բռնութիւն կ՛ունենանք, ապա ատիկա ամբողջ հասարակութիւնը աւելի փակ եւ գաղափարական գետնի վրայ աւելի ծայրայեղական կը դարձնէ, եւ ծայրայեղականները այս է, որ կը կատարեն», ընդգծեց Ասատ:

Ինչ կը վերաբերի Ուաշինկթընի հետ յարաբերութեանց, Ասատ յայտնեց, որ «մենք Միացեալ Նահանգները երբեք թշնամի չենք նկատած, ոչ ալ ամերիկացի ժողովուրդը: Մենք աշխարհի որեւէ երկրի հետ (եւ որովհետեւ մեծ տէրութիւն է, նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգներու հետ) լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզենք: Հարց չունինք, երբ փոխադարձ յարգանք գոյութիւն ունի»:

Մոսկուա. «Դամասկոս Համաձայն Է,
Որ Քիմիական Զէնքերու
Վնասազերծման Մասնակցինք»

Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ «Ռուսիա կրնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին սուրիական ընդդիմութեան կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերեալ փաստեր ներկայացնել»: Ան ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ  ռուսական կողմը սուրիական ղեկավարութեան հետ սուրիական թղթածրարի տարբեր հարցերուն շուրջ եւ քաղաքական լուծումի հոլովոյթի ձեռնարկելու ու մարդասիրական հարցերը լուծելու շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար դարձեալ Դամասկոս այցելութիւններ կատարելը չի բացառեր: Ան նաեւ չբացառեց, որ սուրիական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները Մոսկուա այցելեն:

Ան աւելցուց, որ «ռուսական կողմը կրնայ սուրիական կողմին եւ ընդդիմութեան հետ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստերուն ծիրին մէջ կապեր հաստատել»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւնները դէմ չեն, որ Ռուսիա ապահովութեան երաշխաւորման մասնակցի Սուրիոյ այն շրջաններուն, ուր քիմիական զէնքերը պիտի վնասազերծուին` աւելցնելով, որ իրենք Ժընեւի խորհրդաժողովէն առաջ այդ%

Նախորդը

«Իրան Հիւլէական Զէնք Պիտի Չունենայ» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

Սահակաշվիլի Դարձեալ «Բռնագրաւող Ռուսերը» Մեղադրած Է Վրաստանի Տարածքները Իւրացնելու Յանցանքով

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.