Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռապիէի Մէջ. Զօր. Աուն Կ՛ընդունի Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը

September 19, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աուն – Հըզպալլա հանդիպումէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա:

Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ ամերիկեան յարձակումին վրայ գրաւ դնող կողմերուն երազները ի դերեւ ելան` աւելցնելով, որ անոնք պէտք է այս իրականութենէն դասեր քաղեն:

«Լիբանանը պէտք է նկատի ունենալ իբրեւ երկիր մը, ուր կարիքը կայ պետութեան, կառավարութեան եւ ներքին կայունութեան, իսկ այս բոլորը ապահովելու համար լիբանանցիներուն միջեւ պէտք է համախոհութիւն գոյանայ` պետութեան հիմնումին առումով», ըսաւ ան:

Հիւսէյն Խալիլ յայտնեց, որ Ռապիէ կատարած իրենց այցելութեան նպատակն է խորհրդակցիլ զօր. Աունի հետ: Ան ըսաւ, որ իրենց տեսակէտները մեծաւ մասամբ նոյնն էին` հաստատելով, որ իրենց միջեւ յարաբերութիւնները կը մնան ամրապնդուած:

Խալիլ ընդգծեց, որ իրենք համաձայն են զօր. Աունի այն կեցուածքին, որ անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը, որուն մէջ լիբանանեան քաղաքական ուժերը ներկայացուին համաձայն խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայացուցած կշիռին: Ան կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, թէ ո՛վ որ կը փափաքի կառավարութիւնը շրջանցել, ապա ան ճիշդ կերպով չի վարուիր:

Զահլէի մէջ Հըզպալլայի հաղորդակցութեան ցանցին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Խալիլ յայտնեց, որ այդ հարցը նորութիւն մը չէ, այլ` 7 մայիսի օրերէն ի վեր գոյութիւն ունի եւ ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է, «սակայն ոմանք ուզած են հարցը իր չափէն աւելի մեծ նկատել», ըսաւ ան:

Նախորդը

Արսլան Կ՛ողջունէ Խորհրդարանի Նախագահն Ու Անոր Նախաձեռնութիւնը

Յաջորդը

Պըրրի. «Նախաձեռնութիւնս Կը Միտի Դիւրացնել Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.