Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան Ընդունեց Բրիտանիոյ Համայնքներու Տան Պատուիրակութիւնը

September 17, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նալբանդեան` բրիտանացի խորհրդարանականներուն հետ

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու տան անդամներու պատուիրակութիւնը` հայ-բրիտանական խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Ճոն Ութինկտէյլի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Նալբանդեան գոհունակութեամբ նշեց, որ վերջին շրջանին հայ-բրիտանական համագործակցութիւնը զգալիօրէն աշխուժացած է եւ այդ հոլովոյթին մէջ լուրջ դերակատարութիւն ունին երկու երկիրներու խորհրդարանականները: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը կարեւոր խթան կը հանդիսանայ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ ըմբռնումը զարգացնելու եւ կապերը ամրապնդելու գործին մէջ: Նախարար Նալբանդեան նաեւ նշեց, որ ջերմութեամբ կը յիշէ այս տարուան մայիսին Մեծն Բրիտանիա իր կատարած այցելութիւնը եւ այդ շրջագիծին մէջ իր ունեցած հանդիպումները բրիտանական խորհրդարանին մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` բրիտանացի խորհրդարանականները ընդգծեցին, որ պիտի շարունակեն ջանքերը երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական փոխադարձ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման եւ ընդլայնման գործին մէջ:

Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող տարբեր հարցերու: Հիւրերուն խնդրանքով, նախարար Նալբանդեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեան Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ իրագործուող ջանքերը:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային եւ միջազգային բազմաթիւ հարցեր:

Նախորդը

«Հրանդ Տինք Դաս Էր, Որ Իմանանք, Թէ Ինչպիսի՛ Երկիր Է Թուրքիան Եւ Ի՛նչ Կարելի Է Սպասել Անկէ» Կ՛ըսէ Հայկազուն Ալվրցեան

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Գնաց Մոսկուա` Մասնակցելու Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Բացման Արարողութեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.