Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Իշխանութեան Հետ Համաձայնական Կառավարութիւն Պիտի Չկազմէ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

September 16, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 13 սեպտեմբերին Ազգային ժողովի զրոյցներուն ընթացքին յայտնեց, որ ՀՅԴ համաձայնական կառավարութիւն պիտի չկազմէ իշխանութեան հետ: Ըստ Ռուստամեանի, ՀՅԴ արդէն պարզաբանումներ տուած է Վահան Յովհաննիսեանի դեսպան նշանակուելուն առիթով. ատիկա համաձայնական կառավարութեան հետ կապ չունի: Ատիկա որեւէ ձեւով Դաշնակցութիւնը պիտի չկաշկանդէ:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ եթէ անհամատեղելի իրավիճակ յառաջանայ, զայն ո՛չ Դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ Վահան Յովհաննիսեանը պիտի հանդուրժեն` նշելով միաժամանակ, որ տեղի ունեցածը 3 սեպտեմբերին հետ համեմատելի չէ: Ան յայտնեց, որ Հայաստան հիմա լուրջ, յստակ հաշուարկուած գործողութիւններու ծրագիր պէտք է իրականացնէ:

Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ամէնէն սկզբունքային ուժը Դաշնակցութիւնն է:

Ռուստամեան անկարելի նկատեց իրենց պատկերացուցած տարողութեամբ ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումը: Ան նշեց, որ խօսքը համագործակցութեան նոր որակի մասին է, քանի որ Հայաստան միշտ ալ որոշակի մակարդակ ունեցած է Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան մէջ:

«Ընկերակցութեան անդամը շատ մօտ է անդամ ըլլալու կարգավիճակին, այս իմաստով` ընկերակցութիւնը այլեւս կարելի չէ այնպէս, ինչպէս ատիկա կը պատկերացուէր մինչեւ 3 սեպտեմբեր: Յստակ է, որ այն համաձայնութիւնները, որոնք գոյացած են մինչեւ այդ օրը, այլեւս նոյն ծաւալով չեն կրնար մնալ, այլեւս շարք մը խնդիրներ` տնտեսական եւ այլ, անհամատեղելի են: Մենք նորէն կը փորձենք յայտարարել, որ կրնանք, պատրաստ ենք Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցելու, սակայն այստեղ արդէն համագործակցութեան այլ մակարդակի մասին կրնանք խօսիլ», ըսաւ ան:

Ռուստամեան նշեց, որ Եւրոպան տարբեր երկիրներու հետ ամէնէն տարբեր մակարդակի յարաբերութիւնները ունի, սակայն նախկին մակարդակին մասին այլեւս պէտք է մոռնալ:

Դաշնակցական պատգամաւորը նաեւ յայտնեց, որ տակաւին անկարելի է պատկերացնել, թէ ի՛նչ կը պատրաստուին ստորագրելու, Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՛ս կը պատկերացնէ: Ան համոզում յայտնեց, որ համագործակցութեան որեւէ ձեւաչափի ընտրութեան պարագային իշխանութիւնները կ՛ըսեն` տեսա՞ք, մենք ատիկա ունեցանք, մինչդեռ ատիկա այլեւս ընկերակցութիւն կարելի չէ կոչել:

«Եւրոպական արժեհամակարգին միանալու պարտադիր պայման չէ անոր հետ նոյն տնտեսական դաշտին մէջ գտնուիլը, բայց աշխարհաքաղաքական շահեր հետապնդող որեւէ երկիր, մեծ պետութիւն, աւելի եւս` միաւորում, այդ ամէնը չի տարանջատեր, եթէ հեռանկարային, ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող համագործակցութեան մասին կը խօսուի», ըսաւ Ռուստամեան:

Ըստ Ռուստամեանի, յստակ չէ, որ Հայաստանի սահմանը ո՛ւր կ՛աւարտի, առեւտրական յարաբերութիւնները մինչեւ ո՛ր սահմանը պիտի հասնին, Լեռնային Ղարաբաղ ատոր մէջ պիտի մտնէ՞, թէ՞ ոչ, մինչդեռ այս հարցերը կը քննարկուէին Ընկերակցութեան համաձայնագիրի շուրջ քննարկումներուն ժամանակ:

Ռուստամեան յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարին ուղղուած իր հարցումները անպատասխան ձգելը իր պատճառները ունի, իշխող ուժերը կը խուսափին բացատրել, թէ ինչո՞ւ Հայաստան չկրցաւ այս ամէնուն այլընտրանք գտնել, ինչո՞ւ ընտրեց Մաքսային միութիւնը, ոչ թէ Եւրոպական Միութիւնը:

«Այս քայլը կը փորձեն ներկայացնել իբրեւ զուտ տնտեսական համագործակցութեան քայլ, սակայն ասիկա քայլ է` կապուած աշխարհաքաղաքական նոր բիւրեղին մաս կազմել-չկազմելու հարցին հետ: Մենք մեր կողմնացոյցը ուղղած ենք դէպի այլ քաղաքական միաւորում», ըսաւ ան:

Նախորդը

Հրանդ Մարգարեան. «Մենք Հրաշալի Տարբերում Ենք, Որտեղ Է Իշխանութիւնը, Որտեղ` Հայրենիքն Ու Պետականութիւնը»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Ցաւակցական Այցելութիւն Կու Տայ Ժոմպլաթին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.