Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Սուրիոյ Մէջ Քաղաքական Արագ Լուծումը Կը Նպաստէ Լիբանանի Շահերուն»

September 14, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փլամպլի եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ արաբ իրաւաբաններու յատուկ հանդիպումի մը ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիները համոզուեցան, որ կարելի չէ խրամատներուն մէջ մնալ եւ պատնէշներուն ետին կանգնիլ, «հետեւաբար որդեգրեցինք չէզոք քաղաքականութիւն մը այն տագնապին նկատմամբ, որուն միակ զոհը սուրիացի ժողովուրդն է», ըսաւ ան:

Միքաթի հաստատեց, որ արաբ ազգը եւ արաբական երկիրները պարտուած են, որովհետեւ սուրիացիներն են միակ զոհերը` աւելցնելով, որ բոլոր տագնապներուն պարագային միակ լուծումը երկխօսութիւնն է, համաձայնութիւնն ու փոխադարձ զիջումները, որոնք կ՛ապահովեն երկրին ապագան:

«Պատմութիւնը պիտի չխնայէ մեզի, եւ մենք մինչեւ օրս անկարող ենք մեր պատմութիւնը գրելէ. ի՞նչ պիտի գրէ պատմութիւնը արաբական աշխարհին մասին», հարց տուաւ ան:

Միքաթի հաստատեց, որ յաղթանակ կը նկատուի այն, երբ ժողովուրդը իր միասնականութեամբ կ՛իրականացնէ յաջորդող սերունդներուն ձգտումները:

Միքաթի դիտել տուաւ, որ Լիբանան պէտք է փարոս մը նկատուի, որովհետեւ երկրին մէջ արձանագրուած եղբայրասպան կռիւները զիրենք տասնեակ տարիներ ետ մղած են:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ չէզոք քաղաքականութեան, որովհետեւ անիկա կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:

«Լիբանանի ներքին քաղաքական տագնապը կարելի է լուծել միայն երկխօսութեամբ եւ սահմանադրութեան հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելով», ըսաւ ան:

Միքաթի նաեւ հաստատեց, որ լիբանանեան ներքին երկփեղկումը ոչ մէկ պահանջ պիտի իրագործէ, իսկ հաստատութիւններուն անդամալուծումը երկրին վնաս պիտի հասցնէ:

Միքաթի շեշտեց, որ իրենց գրաւը կը մնայ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական եւ արագ լուծումը, որովհետեւ միայն այդ լուծումով ստացուած խաղաղութիւնն է, որ պիտի նպաստէ Լիբանանի շահերուն: «Քաղաքական լուծումէն եւ խաղաղութեան վերահաստատումէն բացի որեւէ այլ ընտրանք արկածախնդրութիւն կը նկատուի», եզրափակեց ան:

Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, թէ միջազգային ընտանիքը կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան ու անկախութեան:

Փլամպլի յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկեց 25 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները:

Ան յայտնեց, որ խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի շեշտուի երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին նիւթական օժանդակութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` լուծելու համար Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

Փլամպլի ընդգծեց նաեւ, որ Միքաթիի հետ քննարկած է Լիբանանին եւ շրջանին վերաբերող իրադարձութիւնները` հաստատելով, որ Լիբանանի կացութիւնը տակաւին վտանգաւոր է, «հետեւաբար ան պէտք է կառչած մնայ իր որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան»», ըսաւ ան:

Փլամպլի կարեւոր նկատեց նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ, որ Միքաթիի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախորդը

Հարիրի. «Միջազգային Ընտանիքին Ջոջերը Սուրիացի Ժողովուրդը Լքեցին Դարուս Հրէշներուն Ձեռքը»

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման, Նախարարներ Եւ Երեսփոխաններ Կը Ցաւակցին Ժոմպլաթին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.