Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Խորհուրդին Քաղաքական Հանգամանքը (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 98-ամեակին Առիթով)

September 14, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրօնական տօները հայութեան պարագային միշտ ստացած են հոգեւորին առընթեր ազգային նկարագիր: Երեւոյթը աւելի քան  օրինաչափ է մեր եկեղեցական բոլոր տօներուն եւ ծէսերուն համար, պարզ այն պատճառով, որ մեր եկեղեցին ի՛նքը համատեղ, միաձուլուած եւ անբաժանելի յղացքներու վերածած է կրօնն ու ազգը, հոգեւորն ու ազգայինը:

Այս ամփոփ հաստատումը շատ խորքային վերլուծումներու կարելի է ենթարկել: Բաւարարուինք այսքանով եւ նշենք, որ Խաչվերաց տօնը եւս դուրս չի մնար միեւնոյն պատմափիլիսոփայութիւնը կրող կրօնական տօներու այդ շղթայէն: Ազգային աւանդութիւններ, պատմական հիմունքներ, ազգագրական սովորութիւններ եւ ժողովրդային տօնախմբութիւններ եկած են ամբողջացնելու ազգային-կրօնական այս տօնին նկարագիրը, էութիւնը եւ նշումի եղանակը:

Խաչվերացը սակայն յաւելեալ մէկ կարեւոր հանգամանք եւս ամբարած է իր նշումի խորհուրդներուն մէջ: Անիկա զուգորդուած է նաեւ մեր ազգային-ազատագրական շարժումի կարեւոր մէկ խորհուրդին, ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ ծառանալու ժողովրդային կամքին, Մուսա լերան հերոսամարտին:

Խաչվերացը այն տօնն է, որ  իր կրօնական, ազգային եւ ազատագրական խորհուրդներով միաժամանակ (թէկուզ շաբթուան մը տարբերութեամբ) կը տօնակատարուի թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան Մուսա լեռ գիւղին, թէ՛ սփիւռքի  հայկական Այնճարին, եւ թէ՛ բուն բնօրրանին` պատմական Հայաստանի իբրեւ հայկական գիւղ իր գոյերթը շարունակող եւ իր տեսակին մէջ եզակի Վաքըֆի մէջ: Այս երեւոյթը ինքնին Հայաստանի Հանրապետութեան, սփիւռքին եւ բնօրրանին միջեւ անքակտելի կամուրջներուն նշանակալի խորհուրդները կը փոխանցէ:

Բայց աւելին կայ տակաւին: Ըսինք, որ ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ ծառացման ազնուագոյն օրինակներուն շարքին կը դասուի Խաչվերացի եւ Մուսա լերան հերոսամարտի համատեղ խորհուրդներու նշումը: Ուրեմն մենք ազգովին կը գտնուինք նման խոյանքներու դարադարձը նշելու նախօրէին: Անշուշտ, յոբելեանները պարզապէս նոր մեկնակէտեր ապահովելու հանգրուաններ են` անցած ուղիները արժեւորելու, ժամանակակից հանգամանքները լոյսին բերելու եւ այդ լուսարձակներու տակ նոր գործունէութիւններ ձեռնարկելու:

Կրօնականին, ազգայինին եւ ազատագրականին առընթեր ուրեմն, խորհուրդին բացատրողականը կը ստանայ նաեւ քաղաքական ուղղութիւն: Այսպէս. Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագիրները  կը ներառեն ցեղասպանութեան յաւելեալ փաստերու ձեռքբերման, պետական արխիւներու բացայայտման, ճանաչողականութեան աշխատանքներու միջազգայնացման, յուշագրական, հրատարակչական, քարոզչաքաղաքական եւ իրաւական բնոյթի աշխատանքներ:  Յատուկ լուսարձակներու արժանի են նաեւ ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ զէնքի դիմած շրջանները: Ինքնապաշտպանական մարտերու կազմակերպումը, թշնամիին դէմ անհաւասար կռիւները, նահատակութիւնները, շրջաններու յանձնումները` բոլորը կը տեղադրուին օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ կիրարկուած մաքրազտումի ցեղասպանական քաղաքականութեան մէջ: Այս թեմաներու շուրջ միջազգային գիտաժողովները կ՛օգնեն  այդ ծալքերու բացայայտման, պատասխանելով այն հարցումներուն, թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ եւ ինչո՞ւ ինքնապաշտպանութեան դիմեցին Մուսա լեռն ու ազատատենչ քանի մը շրջանները: Վերֆելի վէպը գեղարուեստական հարթութեան վրայ միջազգայնացուցած է արդէն հերոսամարտը: Անցումը դէպի քաղաքական, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն կարեւոր ընդգծումներ կրնայ կատարել:

Խորհուրդը ուրեմն կը յուշէ կրօնականին, ազգայինին, ազգագրականին եւ ազատագրականին վրայ աւելցնել  քաղաքականը եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի նախապատրաստութիւններուն մէջ անպայման մուսալեռցիներուն կերտած ազատամարտը ընկալել իբրեւ ցեղասպանական քաղաքականութեան մերժումը` հայու ա՛յդ տեսակի գոյութեան շարունակականութեան ապահովումի անզիջելիութեան դրսեւորումով:

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակը ուրեմն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընդհանուր թղթածրարին մէջ:

Նախորդը

«Մենք Հրաշալի Կերպով Կը Տարբերինք, Թէ Ո՛ւր Է Իշխանութիւնը Եւ Ո՛ւր` Հայրենիքն Ու Պետականութիւնը» Ըսաւ Հրանդ Մարգարեան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.