Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ ութ լիբանանցիներ ամբաստնեց Իսրայէլ մուտք գործելու եւ իսրայէլեան քաղաքացիութիւն ստանալու յանցանքով:
Սաքըր այս ամբաստանութիւնները փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի:
ՀԱՐԿ է աւելցնել նաեւ, որ զինուորական ատեանի հետաքննիչ դատախազ Ֆատի Սուուան բերման գիր մը յղեց Ժամալ Իսմայէլի հասցէին` Պալլունէէն հրթիռարձակումը կատարելու յանցանքով:


