Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Ամերիկացի պաշտօնատարը շեշտեց, որ Ուաշինկթըն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ կը փափաքի երկխօսութիւն կատարել` ընդգծելով Լիբանանի մէջ տիրող կրօնական բազմազանութեան նկատմամբ իր յարգանքը:
Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ իրենք դիւանագիտական ջանքերը սպառիչ կերպով պիտի օգտագործեն` կանխարգիլելու համար
Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւն մը:
Հէյլ նշեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Լիբանանի ապահովական կայունութեան, փոխադարձ յարգանքին, գործակցութեան, համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան:
Հէյլ յայտնեց, որ շէյխ Քապալանի հետ քննարկած է նաեւ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն առեւանգումը եւ կ՛ողջունեն առեւանգեալները ազատ արձակելու բոլոր ջանքերը:
Տիմանի Մէջ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին ընդունեց Հէյլը, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւններն ու քրիստոնեաներուն գոյութիւնն ու դերակատարութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ ինք կը յարգէ Լիբանանի բազմազանութիւնը եւ ազգային համերաշխութիւնը:
Ան նշեց նաեւ, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ ընդգծած Լիբանանը զերծ կացուցելու ու անոր չէզոք կեցուածքը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Հէյլ նկատել տուաւ, որ ռուսական դիւանագիտութիւնը բաւական դրական է, սակայն իրենք ունին իրենց կասկածները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ նախաձեռնութիւնը առաջադրուած է միջազգային ծանր ճնշումէ ետք:
«Նախաձեռնութիւնը կը յաջողի, երբ քիմիական զէնքերը փճանան», ըսաւ ան:
Հէյլ խստիւ դատապարտեց փոքրամասնութիւններուն, հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն դէմ գործուած յարձակումները` շեշտելով, որ Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատումը քաղաքական լուծումի կարիք ունի:
Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ պատերազմը մերժել չի նշանակեր Սուրիոյ տագնապին մաս կազմող այս կամ այն կողմին զօրակցիլ:


