
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ ընդգծեց կարեւորութիւնը կազմելու ներկայ վտանգաւոր իրավիճակին դէմ դնելու կարողութիւնը ունեցող կառավարութեան մը, որ երկրին ապահովական եւ արդարադատութեան հաստատութիւններուն քաղաքական հզօր զօրակցութիւն մը կ՛ապահովէ:
Ժեմայէլ զգուշացուց անիշխանութենէն` նշելով, որ անիկա կրնայ սպառնալ նախագահական ընտրութիւններուն կայացման:
Ժեմայէլ կոչ ուղղեց ամերիկացի դեսպանին օգտագործելու ամերիկեան յարաբերութիւնները եւ զանոնք ի սպաս դնելու սրբավայրերու պղծումի արգիլումին:
Յետմիջօրէին Ժեմայէլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ Մաալուլա գիւղաքաղաքի դէպքերը` շեշտելով, որ այդ դէպքերը կը մտահոգեն զիրենք:
Ժեմայէլ ընդգծեց, որ այդ բռնարարքներով պէտք է մտահոգուի նաեւ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին կազմելու կառավարութիւն մը, որ կրէ «Պաապտայի յայտարարութեան» կարգախօսը:
ՆՇԵՆՔ, որ Հէյլ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ներկայութեամբ` նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի:


