Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը շաբաթավերջին Հալաթի մէջ ձերբակալեց Ահմետ Ուսամա Թումանի անունով սուրիացի քաղաքացի մը:
Թումանի Ժապհաթ Նուսրայի անդամ է եւ Նահր Իպրահիմի բանջարեղէնի վաճառատուներէն մէկուն մէջ կը պատրաստէր ականներ:
Ապահովութեան ուժերը անոր մօտ գտած են նաեւ կերպընկալէ շիշ մը, պայթուցիկ նիւթեր եւ ելեկտրական պայթուցիչներ:
Թումանի խոստովանած է, որ ինք ուղղակի կապ կը հաստատէ Սուրիոյ մէջ գտնուող կարգ մը անձնաւորութիւններու հետ, որոնք ցուցմունքներ կու տան անոր` ականներ պատրաստելու առումով:
ՄԻՒՍ կողմէ, սուրիական բանակը ձախողեցուցած է Լիբանանէն Թալքալախ զինեալներ ուղարկելու գործողութիւն մը: Ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, այդ գործողութեան ընթացքին արձանագրուած են աւելի քան տասը զոհեր:


