Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Վարչապետը Նախարարութիւններուն Ընդհանուր Տնօրէնները Վերածած Է Իր Լրտեսներուն»

September 4, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ ապահովական յանձնախումբ մը կազմելու առաջարկը 2005-էն ի վեր առկայ է, սակայն անիկա կը մնայ սպասողական վիճակի մէջ, «հաւանաբար այն իրողութեան համար, որ կայ այդ յանձնախումբին կազմութիւնը մերժող քաղաքական կամք մը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն աւելցուց, որ այդ յանձնախումբը եւս պէտք է ըլլայ մնայուն յանձնախումբ մը, հետեւաբար պէտք է քուէարկութեան դրուի նման յանձնախումբ մը ունենալու օրէնքը կամ ալ այդ առաջարկը ձախողութեան կը մատնուի:

Անդրադառնալով կազով բանող ինքնաշարժներուն վերաբերող զրպարտութիւններուն` զօր. Աուն ըսաւ, որ եթէ անոնք ճիշդ ըլլային, ապա Փարիզը հրկիզուած կ՛ըլլար: Ան նշեց, որ նման ծրագիրի մը իրականացումը Լիբանանի օգտագործած վառելանիւթին 60 առ հարիւրը կը խնայէ, «բայց եւ այնպէս այդ ծրագիրին գործադրութիւնը մերժելու ետին կան քաղաքական նպատակներ», նշեց ան:

Զօր. Աուն ակնարկեց նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ հրապարակուած շրջաբերականին, որ ընթացիկ աշխատանքի կառավարութեան մասին «հրաշքներ» կը ներկայացնէ, ինչպէս նաեւ կը բացայայտէ տարբեր նախարարութիւններու ընդհանուր տնօրէնները իր լրտեսներուն վերածելու Միքաթիի արարքները, «բան մը, որ ամբողջ աշխարհին մէջ չէ պատահած, բացի Լիբանանէն: Ինչպէս նաեւ արտակարգ համաձայնութիւնները, որոնք ճշդուած են վարչապետին եւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ, իսկ այս բոլորը հրապարակողը նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհել Պուժին է: Անոնք բոլոր իրաւասութիւններուն տիրացած են եւ օրէնքն ու սահմանադրութիւնը կը խախտեն», աւելցուց զօր. Աուն:

Անդրադառնալով լիբանանեան ջուրերուն մէջ բնական կազի եւ քարիւղի հանքերու պեղումներուն համար նուազուրդի մասնակից ընկերութիւններուն` զօր. Աուն յայտնեց, որ երէկ վերջ գտաւ կառավարական շրջաբերականով մը այդ ընկերութիւնները հրաւիրելու օրինական թուականը, «ինչ որ կը նշանակէ, թէ ոչ ոք կը միտի քարիւղ արտահանել: Անոնք չեն փափաքիր, որ ուժանիւթի նախարարութիւնը ըլլայ յաջող նախարարութիւն մը եւ այդ յաջողութիւնը վերագրուի իրենց: Այս նախարարութիւնը շատեր ստանձնեցին եւ ոչ ոք կրցաւ աշխատանք տանիլ», ըսաւ զօր. Աուն:

 

 

Նախորդը

Միքաթի-Պասիլ Հանդիպում

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց ՄԱԿ-ի Մնայուն Անդամ Երկիրներուն Դեսպանները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.