Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Սեպտեմբեր 1963)

September 2, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Մամուլը Թուրքի Աչքին Փուշ

Պարզ Նախա՞նձ, Թէ՞ Զգուշութեան Հրաւէր…

Պոլսոյ «Ենի Իսթիքլալ» թերթը, հրատարակելով պոլսահայ կարգ մը թերթերու եւ հրատարակութիւններու անուններով կազմուած քլիշէ մը, կ՛ընէ հետեւեալ խորհրդածութիւնները, որոնց մէջ նախանձի կողքին, թուրք հանրային իշխանութիւններուն ուղղուած ծածուկ զգուշացման մը հրաւէրը կը տեսնուի:

Վերի նկարին մէջ տեսնուած հայերէն թերթերը մեր երկրին ափ մը հայ փոքրամասնութեան հրատարակչական ձեռնարկներն են` «Կավռօշ», «Մարմարա», «Ժամանակ», «Արշաւ»: Անոնց մէջ 18, 23 նոյնիսկ 55 տարիներէ ի վեր հրատարակուողներ կան: Մի՛ կարծէք, թէ բոլորը ասոնք են: Անոնք, զորս կը տեսնէք նկարին մէջ, մեր ձեռքը անցածներն են միայն:

Ասոնցմէ դուրս կան օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր, ամսաթերթեր, տարեգիրք եւ ուրիշներ: Զողրաֆիոն Լիսէսիին տարեգիրքը: Ետիգուլէ հայոց հիւանդանոցին գրպանի օրացոյցը, կիսամսեայ «Քուլիս»-ը, «Նոր Դար» շաբաթաթերթը, «Պարտէզ» ամսաթերթը (կայ նաեւ «Պարտէզ» տարեգիրքը) «Սան», «Ս. Փրկիչ», «Շողակաթ» եւ այլն ամսաթերթերը:

Այդքան թերթերը ցոյց կու տան, թէ պզտիկ փոքրամասնութեան հաւաքականութիւն մը ինչպէս կ՛աշխատի իր գաղափարները եւ դատերը տարածելու համար: Այնպէս որ, այսօր 99 առ հարիւր իսլամ մեծամասնութիւնը, երբ 55 տարեկան օրաթերթ չունի, իսլամին 500 տարիներէ ի վեր իբրեւ մայրաքաղաք ծառայող այս գեղեցիկ Պոլսոյ մէջ 1908-էն ի վեր հրատարակուող հայերէն «Ժամանակ» օրաթերթը կրնայ գոյութիւն ունենալ:

Եթէ իսլամ թուրք ժողովուրդը չարթննայ իր թմբիրէն եւ իրեն պատկանող թերթ եւ հանդէսները ապրեցնելու ջանք ի գործ չդնէ, իրաւապէս մեզի պատկանող այս երկիրը գործնապէս գաղթավայր պիտի դառնայ:

Հայ, յոյն, հրեայ ընկերվարական, հակայեղաշրջական, մասոն հարիւրաւոր թերթերու դէմ գոյութիւն ունեցող երեք-հինգ թուրք թերթերն ու հանդէսները ապրեցնենք: Այս շրջանը գաղափարի եւ մտածումի պայքարին ամէնէն աւելի զօրացած շրջանն է: Առանց թերթի, հանդէսի եւ գիրքի` կարելի չէ իսլամի դատը պաշտպանել:

Փոքրամասնութեան պատկանող քանի մը հոգիի կողմէ տարիներով իրենց լեզուներով հրատարակուած այդ թերթերը մեզի բարի օրինակ պէտք է ըլլան: Անոնց այդ աշխատասիրութիւններէն, ջանքերէն եւ զոհողութիւններէն ստիպուած ենք օրինակ առնել:

 

Վարդապետական Իշխանութեան Տուչութիւն

Մեսրոպ, Մաշտոց, Եզնիկ Եւ Կորիւն Աբեղաները
Վարդապետ Ձեռնադրուեցան

Երէկ` կիրակի, 1 սեպտեմբեր 1963, կաթողիկոսարանի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ ստուար թիւով հաւատացեալներու, Խորէն Ա. կաթողիկոս, Ս. պատարագի ընթացքին, «Հայր Մեր»-էն առաջ, տպաւորիչ արարողութեամբ, ատեանի չորս կողմերուն վրայ` արեւելք, արեւմուտք, հիւսիս եւ հարաւ, վարդապետական չորս աստիճանները տուաւ Մեսրոպ աղբ. Աշճեանի, Մաշտոց աբղ. Յովսէփեանի, Եզնիկ աբղ. Բալայեանի եւ Կորիւն աբղ. Գոճապապեանի, որոնք աւարտած էին իրենց վարդապետական թեզերը:

Խարտաւիլակն էր Գարեգին ծ. վրդ. Սարգիսեան: Պատարագիչն էր` կիպրահայոց թեմի կաթ. փոխանորդ Երուանդ վրդ. Աբէլեան:

Արարողութենէն ետք վեհափառ հայրապետը նորընծաներուն տուաւ հարկ եղած ցուցմունքները` վարդապետական աստիճանի յաջող գործադրութեան համար:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գիտութիւն Եւ Կենցաղ. Ճաշի Պահուն Զրուցելը Կը Բարելաւէ Մանուկներուն Ինքնավստահութիւնը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.