
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը:
Միւս կողմէ, Պըրրի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները պէտք է արագացնել:
Նշենք, որ Պըրրի իրենց հակառակորդ քաղաքական ուժերը պատասխանատու նկատեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու առնչութեամբ եւ ընդգծեց, որ կարելի չէ առանց Հըզպալլայի մասնակցութեան կառավարութիւն մը կազմել:


