
Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր, հիմնուելով զինուորական ատեանին կատարած հարցաքննութեան վրայ, երէկ ամբաստանեց շէյխ Ահմետ Ղարիպը եւ Մուսթաֆա Հուրին` զինեալ խմբաւորումներ կազմելու, ժողովուրդին դէմ քրէական յանցանքներ գործելու, լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ կատարելու, ականներ ու ականուած ինքնաշարժներ պատրաստող ահաբեկչական բջիջներ կազմելու եւ մզկիթներուն մօտակայքը պայթումներ գործելու յանցանքով:
Դատախազ Սաքըր ականուած ինքնաշարժներ պատրաստելու եւ քաղաքայիններ սպաննելու յանցանքով ամբաստանեց նաեւ սուրիացի քափիթեն Մոհամետ Ալին եւ Ալի Խտըր Օրպանը:
Դատախազ Սաքըր շէյխ Հաշեմ Մընքարան ամբաստանեց ականուած ինքնաշարժներուն մասին իր տեղեկութիւնները համապատասխան մարմիններուն եւ իշխանութիւններուն չփոխանցելու յանցանքով:
Դատախազ Սաքըր բոլոր ամբաստանեալները փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի:


