Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Տագնապին Հարցով Հայաստանի Դիրքորոշումը Անփոփոխ Կը Մնայ

August 30, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու զինուժին կողմէ Սուրիոյ հարուածներ հասցնելու հաւանականութիւնը, Հայաստանի կառավարութիւնը ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէ տեղւոյն հայ համայնքին օգնութիւն ցուցաբերելու համար, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան յայտնեց, որ տակաւին մէկ տարի առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր դիրքորոշումը յայտնած է այդ գծով եւ անիկա անփոփոխ կը մնայ:

Արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Մանասարեան այդ առնչութեամբ տարի մը առաջ յայտնած էր, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ոչ միայն ուշադրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ իրադարձութիւններու զարգացման, այլ նաեւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկած է եւ կը ձեռնարկէ տարբեր մակարդակներով եւ ուղղութիւններով: «Գործադրուող ջանքերը նախ եւ առաջ ուղղուած են սուրիահայութեան անվտանգութեան ապահովման: Ասիկա այն դէպքերէն մէկն է, երբ այդ ջանքերուն հրապարակային բարձրաձայնումը կրնայ նպաստաւոր ազդեցութիւն չունենալ անոնց արդիւնաւէտութեան վրայ, ուստի ես ձեռնպահ կը մնամ զանոնք մանրամասնելէ», շեշտած էր Մանասարեան:

Նշենք, որ այս յայտարարութիւնը կատարուած է տակաւին մէկ տարի առաջ, եւ այն ժամանակ Միացեալ Նահանգներու օդուժին կողմէ Սուրիոյ հարուածներ հասցնելու մասին խօսք չկար: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այսօր ձեռնպահ կը մնայ լրացուցիչ մեկնաբանութիւններէ: Պարզ չէ, թէ արդեօք քայլեր պիտի ձեռնարկուի՞ն սուրիահայերը տեղափոխելու համար: Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը միայն փոխանցեց, որ Հայաստանի դեսպանութիւնը Դամասկոսի մէջ եւ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Հալէպի մէջ կը շարունակեն գործել:

 

Նախորդը

Փասատենայի Քաղաքային Խորհուրդը Պիտի Քննէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Նուիրուած Յուշարձանի Նախագիծը

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Վիրաւորուած Է Թշնամիի Կրակոցէն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.