Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Մասին Յայտարարութիւններու Համար. Լիթուանիա Տուն Կը Կանչէ Հունգարիոյ Եւ Ազրպէյճանի Մէջ Իր Դեսպանները

August 30, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
ժուքաուսքաս եւ Եուշքա

«ՌԻԱ Նովոսթի», վկայակոչելով Լիթուանիոյ նախագահին մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայթէ հրամանագիր ստորագրեց, որուն համաձայն 30 սեպտեմբերէն տուն կը կանչէ Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ իր դեսպանները` Ռենաթաս Եուշքան եւ Արթուրաս Ժուքաուսքասը:

Որոշումը տրուեցաւ այն բանէն ետք, երբ 8 յուլիսին «Եութիուպ» կայքէջին վրայ հրապարակուած էին դեսպաններու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները Վիլնիուսի իրենց գործընկերներուն հետ, ուր անոնք կը կիսուին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ իրենց նկատողութիւններով, կողմնապահօրէն կը կատակեն Լիթուանիոյ վարչապետ Ալկիրտաս Պուտքիավիչիուսի` Ս. Փեթերսպուրկ սպասուելիք այցելութեան վերաբերեալ եւ այլն:

Մասնաւորաբար, Եուշքա բացայայտ կերպով կը խոստովանի, որ ազրպէյճանական-հայկական տագնապին մէջ կ՛աջակցի հայերուն, քանի որ անոնք քրիստոնեաներ են, որոնք «նոյնպէս տուժած են Ստալինի գծած քարտէզներէն, ինչպէս նաեւ մենք»:

Դեսպանները տուն կանչուած են կառավարութեան առաջարկով: Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքիավիչիուս նշեց, որ ստեղծուած հանգամանքներուն մէջ չի տեսներ այդ դիւանագէտներուն աշխատանքը շարունակելու կարելիութիւնը, «քանի որ դեսպաններուն պէտք է վստահին Լիթուանիոյ նախագահը եւ այն երկիրները, ուր անոնք կը գտնուին»:

Այնուամենայնիւ ան ընդգծեց, որ դիւանագէտներու խօսակցութիւններու անօրինական ձայնագրումը եւ անոնց հրապարակումը տեղեկատուական սադրանք է:

Մինչ այդ, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Աուտրոնիուս Աժուպալիս քննադատեց կառավարութիւնը, որ պարտադրեց տուն կանչել Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ դեսպանները: Քաղաքական գործիչը նշեց, որ այսպիսի արձագանգ սադրանքի հեղինակներուն ցոյց տուած է, որ Լիթուանիան կարելի է դիւրութեամբ ձեռնածութեան ենթարկել:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Անձնական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Խրուաթիա

Յաջորդը

Փասատենայի Քաղաքային Խորհուրդը Պիտի Քննէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Նուիրուած Յուշարձանի Նախագիծը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.