Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ լիբանանցի պատասխանատուներէն պահանջեց պահպանել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց երկրին մէջ խաղաղութիւն բանեցնելու եւ քաղաքացիներուն մտահոգութիւնները փարատելու` վերջ տալով օգտագործուած սուր բառամթերքին:
Շէյխ Քապալան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն շարունակելու քաղաքական խորհրդակցութիւնները եւ վերջ տալու իրարու միջեւ գժտութիւններուն:


