Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Օգոստոս 1963)

August 30, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լուսոյ Նոր Վառարան Մը
Անթիլիասի Մէջ 

Հայ հոգիին ամէնէն փափաքելի իղձն է իր մտքին լուսաւորումը, որուն համար ալ ան դարեր շարունակ, ի գին մեծ զոհողութեանց, իր հաստատուած վայրերուն մէջ ջանացած է յագուրդ տալ ոչ միայն իր հոգւոյ կարիքներուն` եկեղեցիներ կառուցելով, այլ նաեւ անոնց կողքին ան վեհանձնօրէն բարձրացուցած է լուսոյ վառարաններ` կրթարաններ, ուր յաջողած է կենդանի շունչ եւ ազգային գիտակցութիւն սերմանել հայ մատղաշ սերունդի հոգիներուն մէջ:

Սփիւռքի մեր իրականութեան ամէնէն քաջալերական երեւոյթներէն մին է հայ ժողովուրդին այս զգացումը, որուն շնորհիւ` այսօր բազմաթիւ հայ կրթարաններ, տարրական թէ բարձրագոյն, կը ջանան փոխանցել հին դպրութեան հրաշալիքները` նոր եւ խանդավառ մտքերուն: Նոյն այդ բազմաթիւ վարժարաններու կողքին, համեստ, բայց հաստատ քայլերով մանկապարտէզ-նախակրթարան մը ոտքի կանգնած էր Անթիլիասի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի անմիջական հովանիին ներքեւ բացուած Մեսրոպեան ազգ. վարժարան անունով, որ իր գոյութեան 1939-1956 տարիներու ընթացքին լաւագոյնս սատարեց Անթիլիասի, Ժել էլ Տիպի եւ շրջակայից հայ մանուկներուն դաստիարակման եւ կրթութեան: Շնորհիւ այս վարժարանին` կրնանք յայտարարել, որ այս շրջանի փոքրաթիւ հայ համայնքը ունեցաւ որոշ դիմագիծ, նկարագիր եւ հայկական կենսունակութիւն, ինչ որ նպատակն էր եղած երանաշնորհ Սահակ եւ Բաբգէն կաթողիկոսներուն: Առանց այս նախակրթարանին` հաւանաբար այսօր Անթիլիասի մէջ գտնէինք արաբախօս երիտասարդութիւն մը, որ այնքան սերտօրէն կապ կը պահէ տեղացի հասարակութեան հետ:

1956 թուականի կաթողիկոսական ընտրութեան առիթով կայացած տարակարծութեանց պատճառով, կարելի չեղաւ վերաբանալ այս վարժարանը: Բազմաթիւ ծնողներ ափսոսացին ասոր համար, քանի որ նախակրթարանը էապէս միաբաններու հսկողութեան ներքեւ գտնուելով` ոչ միայն լաւագոյն կրթութիւնը կը մատակարարէր հայ մանուկներուն, այլ նաեւ մասնաւոր հոգածութեամբ մը կը հոգար անոնց հոգեկան սնունդը` ամէն կիրակի առաւօտեան զանոնք առաջնորդելով մայր տաճար եւ նոյնիսկ տարին քանի մը հեղ Ս. հաղորդութեան արժանացնելով բոլորը: Ընտանիքի մը գեղեցիկ տեսարանը պարզուած էր այս նախակրթարանին մէջ, ուր ամէն ինչ բնական կը նկատուէր եւ աշակերտները իրենք զիրենք երբեք օտար չէին զգար այս յարկին տակ:

Սակայն նախակրթարանի փակուած մնալու այս իրողութիւնը երբեք ուրախացուցիչ պարագայ մը չէր Կիլիկեան միաբանութեան, որ անձնուիրաբար կը դասաւանդէր կրթական այս յարկէն ներս:  Արդարեւ, Խորէն Ա. կաթողիկոսին անձնական նախաձեռնութեամբ, վերստին կեանքի կոչուեցաւ նախակրթարան մը վերաբանալու ծրագիրը, եւ այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, որովհետեւ մեծանուն բարերար Ճորճ Մարտիկեան, ինք եւս համոզուած ըլլալով նախակրթարանի մը անհրաժեշտութեան, վեհափառ հայրապետին տրամադրութեան ներքեւ դրաւ 20,000 տոլարի պատկառելի գումար մը: Այժմ ուրախութիւն է յայտնել, որ սոյն գումարը արդէն իսկ սկսած է իր նպատակին ծառայել, եւ օր քան զոր նոր նախակրթարանի դասարաններն ու յարակից անհրաժեշտ սրահները կը պատրաստուին Ս. Աթոռոյս հարաւային մասին մէջ, միաբաններու սենեակներուն ներքեւ: Դասարաններու կազմութեան հետ միաժամանակ վեհափառ հայրապետը պաշտօն յանձնած է նաեւ` Անթիլիասի, Ժել Էլ Տիպի եւ շրջակայից հայութեան հոգ. հովիւ Շահէ քհնյ. Ալեմեզեանին, որպէսզի այցելելով իւրաքանչիւր ընտանիքի` տեղեակ պահէ վերաբացուող Ազգ. Մարտիկեան վարժարանին մասին եւ արձանագրէ անոնց զաւակները, որպէսզի այժմէն կարելի ըլլայ գիտնալ, թէ յառաջիկային քանի՛ աշակերտ կարելի պիտի ըլլայ ընդունիլ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանին մէջ` ըստ այնմ հրաւիրելու համար փորձառու եւ վարժ ուսուցչական կազմ մը, ինչպէս կը տեղեկագրէ այս մասին հրատարակուած կոչը:

Անթիլիասի նորաբաց լուսոյ այս վառարանին բացումին առիթով, նոյն շրջանի հայ ծնողաց պարտականութիւնն է անմիջապէս տեղեկացնել իրենց ծխատէր քահանային իրենց իսկ զաւակաց անունները, որոնցմէ ցարդ արձանագրուած են արդէն շուրջ 84 հայ աշակերտներ, եւ այս արձանագրութիւնը կը շարունակուի: Մանկավարժական եւ առողջապահական ամէնէն սքանչելի դրութեան մը մէջ Մարտիկեան ազգ. վարժարանին աշակերտները, միաբան հայրերու հսկողութեան ներքեւ, պիտի կարենան համապատասխան կրթութիւն մը ստանալ, հայ թէ օտար լեզուներու եւ գիտական նիւթերու դասաւանդութեամբ: Մեր մէջ հայկական աւանդութիւնը ամէնէն փառաւոր էջերը արձանագրած է հայ վանքերու կողմէ հովանաւորուած կրթական յարկերու տարած աշխատանքին մասին, որ ոչ միայն կը ձգտի մանուկը պատրաստել վաղուան իր կեանքին, այլ նաեւ զայն կը պատրաստէ հոգեպէս` Հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ, զանոնք ամէն կիրակի առաջնորդելով մայր տաճար` հաղորդակից դարձնելու համար սրբազան խորհուրդին: Ոչ միայն պիտի արժեւորուին հայ դէմքերն ու ռահվիրաները, այլ նաեւ վարժարանին իսկ մէջ բացուած կիրակնօրեայ դպրոցին դասընթացքներով զանոնք առաւել եւս գիտակից պիտի դարձնեն հայ սուրբերու եւ մեր հոգեզմայլ շարականներու գեղեցկութեան:

Գիտնանք, հետեւաբար, օգտուիլ առիթէն եւ շուտափոյթ մեր զաւակները արձանագրել տէր Շահէ քահանային մօտ` յառաջիկային չափսոսալու համար մեր թուլացումը եւ մանաւանդ չղրկելու համար մեր զաւակները տիպար նախակրթարանի մը ընձեռած բոլոր բարիքներէն եւ առաւելութիւններէն: Յայտնենք նաեւ, որ ծնողներ սիրով կը հրաւիրուին տեսնելու կառուցուող մանկապարտէզ-նախակրթարանը:

ՎԱՐԴԱՆ ՎՐԴ. ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

9 օգոստոս 1963
Պիքֆայա

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Մտածել` Բնութեան Օրէնքով

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։