Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ` ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ

June 8, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մինսքի խմբակի համանախագահները

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները երէկ, Ազրպէյճանէն անցնելով շփման գիծը, այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղ:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, միջնորդներուն մասնակցութեամբ Աղտամ-Պարտա ուղղութեամբ  տեղի ունեցաւ դիտարկում, որուն ընթացքին «զինադադարի դրութեան խախտումներ չարձանագրուեցան»:

Նախանցեալ օր համանախագահները Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ համանախագահները քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Քազանի մէջ 25 յունիսին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները:

Հանդիպումէն ետք Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ խաղաղապահ ուժերու մասին, որոնք պիտի տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ըստ Մամետեարովի, այդ ուժերը ո՛չ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող, ո՛չ ալ շրջանի երկիրներէն պիտի ըլլան:

Սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները կը նշեն, որ այսպիսի համաձայնութիւն չկայ, քանի տակաւին յստակ չէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին հարցը:

Ղարաբաղցի քաղաքագէտ Մասիս Մայիլեան նշեց, որ տակաւին կանուխ է խաղաղապահ ուժերու մասին խօսելու համար:

«Պուտափեշտի վեհաժողովի որոշումներով խաղաղարար ուժերը կրնան շրջան մտնել միայն այն պարագային, երբ կը ստորագրուի քաղաքական համաձայնագիրը, որ, ինչպէս գիտենք, ստորագրուած չէ», ըսաւ Մայիլեան:

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄՇԵՆԱՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵՆ

Յաջորդը

«ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՏՈՆՑ ՍԿՍԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.