Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Նախագահի Այցելութիւնը Ռումանիա

August 28, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կարապետեան եւ Տաթեւ եպս. Մուրատեան

18-20 օգոստոս 2013-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ` Գասպար Կարապետեան այցելեց Ռումանիա, ուր ներկայ գտնուեցաւ Սուչավա քաղաքը գտնուող Հաճիկատար վանքի ուխտագնացութեան: Հաճիկատար վանքը կառուցուած է 1512 թուականին, թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ ռումանացիներուն կողմէ կը նկատուի հրաշագործ, եւ իւրաքանչիւր տարի հարիւրաւոր հաւատացեալներ ներկայ կը գտնուին ուխտագնացութեան: Եկեղեցական արարողութիւնները կատարուեցան թեմակալ առաջնորդ Տաթեւ եպս. Մուրատեանի կողմէ: Ներկայ էին նաեւ Ռումանիոյ կառավարութեան տնտեսութեան նախարար Վարուժան Ոսկանեան, պետական երեսփոխան Վարուժան Փամպուքճեան եւ գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահը Հայ դատի աշխատանքներուն ներկայ կացութեան շուրջ ներկայացուց դասախօսութիւն, ապա ունեցաւ զրոյց համայնքի երիտասարդական կառոյցի անդամներուն հետ` իրենց եռօրեայ սեմինարային շարքի ծիրին մէջ, որ տեղի ունեցաւ Սուչավայի մէջ:

Պուքրէշի մէջ Գասպար Կարապետեան ունեցաւ հանդիպումներ թեմակալ առաջնորդ սրբազան հօր, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ եւ տնտեսութեան նախարար Վարուժան Ոսկանեանի հետ, որոնցմէ տեղեկանալէ ետք համայնքի կացութեան եւ ներուժին մասին, քննարկեց կարելիութիւնները նաեւ Ռումանիոյ մէջ Հայ դատի աշխատանքներ ծաւալելու:

«Ռումանիոյ հայկական համայնքը մեր ամէնէն հին եւ պատմական համայնքներէն մէկն է: Դարերու ընթացքին յաջողած է պահպանել իր ազգային դիմագիծն ու արժէքները, եւ այսօր յաջողած է ունենալ պետական նախարար եւ երեսփոխան Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ: Կարեւոր է նշել, որ Ռումանիոյ պետութիւնը մեծ հոգածութեամբ կը վերաբերի մեր համայնքին հետ` պահպանելով հայկական եկեղեցական ու մշակութային ժառանգութիւնները եւ լուրջ գումարներ տրամադրելով համայնքին` իրագործելու համար իր ծրագիրները: Մենք յայտնեցինք մեր պատրաստակամութիւնը մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակելու շրջանին մէջ աշխուժացնելու Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները եւ գոհունակութեամբ հաստատեցինք, որ համայնքին կրօնական եւ աշխարհական ղեկավարութիւնը պատրաստ է սատարելու այդ ազգանուէր առաքելութեան», շեշտեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Նախորդը

Արցախ Այցելած Ռուս Լրագրողները Պիտի Լրացնեն Ազրպէյճանական «Սեւ Ցուցակ»-ը

Յաջորդը

Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 20-ամեակի Նշում` Եռաբլուրի Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.