
Թայիզ քաղաքի ցեղապետներու պետ շէյխ Համուտ Սաատ Մախլաֆի յայտնեց, որ եմէնեան ընդդիմութեան կողմնակից ցեղախումբերէ զինեալներ, Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հաւատարիմ ուժերուն հետ բուռն բախումներէ ետք գրաւած են Թայիզ քաղաքը:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հարաւային Եմէնի Զինժիպար քաղաքին մէջ Քայիտայի անդամ զինեալներու եւ եմէնեան զինուորական ուժերու միջեւ բախումներուն ընթացքին արձանագրուած է 15 զոհ, որոնցմէ 9-ը զինուորներ են:
Եմէնեան բանակը յայտարարեց, որ Քայիտայի անդամ 30 զինեալներ սպաննուած են:
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ բրիտանական զինուորական հետախուզական պատուիրակութիւն մը տեղակայուած է Եմէնի մօտ, սակայն չհաստատեց այն լուրը, թէ շրջանին մէջ բրիտանական երկու մարտանաւեր կան: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, բրիտանական ծովուժէն 80 զինուորներ կը գտնուին «Ֆորթ Վիքթորիա» գումակային մարտանաւին վրայ, իսկ շրջանին մէջ կը գտնուի նաեւ «Արկոս» բժշկական մարտանաւը:


