Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իշխանութիւնները Երկիրը Կը Տանին Արտակարգ Իրավիճակի, Պայթումի» Կ՛ընդգծէ Արմէն Ռուստամեան

August 24, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արմէն Ռուստամեան

«Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ընկերային-տնտեսական եւ ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնները երկիրը կը տանին արտակարգ իրավիճակի պայթումի», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

«Իշխանութիւններուն կը թուի, որ իրենք այնքան հաստատուն են, այնպէս ըրած են, որ իրենց իշխանութիւնը այլեւս անդառնալի է, նոյնինքն այդ ժամանակ ալ վտանգը կը հասնի: Իրենք ատիկա չեն տեսներ… եթէ իրենց կը թուի, որ 4-5 տարի ժամանակ ունին, չարաչար կը սխալին: Որովհետեւ այսօր հասարակութեան մէջ մեր նկատած տրամադրութիւնները կրնան նոյնիսկ արտակարգ իրավիճակներ յառաջացնել: Արտաքին քաղաքականութեան մէջ սխալները արդէն մեզ բերած այնպիսի մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնեցուցած են… ես կը խօսիմ ներքին հարցերուն մասին` այդ ձախողութիւնները չափ ունին, անոնք կրնան ծայրայեղ վիճակ մը յառաջացնել, որ ընկերային, տնտեսական առումով քաղաքականութիւնը ընդհանրապէս սխալի առջեւ կանգնի», ըսաւ Ռուստամեան:

Ան ընդգծեց, որ իշխանութիւնները այլեւս չեն կրնար լուծել Հայաստանի առջեւ դրուած կենսական խնդիրները, որոնք որոշ ժամանակ ետք կրնան հարցականի տակ դնել Հայաստանի բուն գոյութիւնը: Օրինակ, արտագաղթը, հակառակ նախագահին, կառավարութեան բազմաթիւ երաշխիքներուն, ոչ միայն չէ կրճատուած, այլեւ ընդհակառակն` պաշտօնական տուեալներուն համաձայն նոյնիսկ աւելցած է:

ՀՅԴ-ն սեպտեմբերէն սկսեալ նոր ջանքեր պիտի գործադրէ հասարակութեան, ընդդիմադիր ուժերը համախմբելու` երկրին մէջ իրավիճակը փոխելու համար: «Կան երկու ճամբաներ` ընտրական ճամբայ, եւ ժողովուրդը համախմբելու, որպէսզի այն իշխանութիւնը, որ ժողովուրդէն առնուած է ընտրութիւններու ժամանակ, ժողովուրդը ինքը փաստացի անոր տէր կանգնի եւ ինք հանդիսանայ այդ իշխանութեան կրողը եւ պահանջատէրը», աւելցուց Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Անկում, Որը Պէտք Է Կասեցնել (Մաս IV)

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.